
Հինգշաբթի, 9 Յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի արուեստագէտ Արեւ Պետրոսեանի «Գոյներ` Հայաստանէն» իւրայատուկ հաւաքածոյի ցուցահանդէսին բացումը:
Սրահին պատերը զարդարած ստեղծագործութիւններուն մէջ ակներեւ էր գոյներու համադրման գեղեցկութիւնը, տարբեր տեսակի զգացումներու արտացոլումը, արուեստի իւրայատուկ աշխարհի մը առկայութիւնը:
Տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններու հովանաւորութիւնը կրող ցուցահանդէսին բացումը կատարեց Յակոբ Հաւաթեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Արեւ Պետրոսեանի ուրոյն տաղանդը, որ շարունակութիւնն է անոր հօր` քանդակագործ Բենիկ Պետրոսեանի բացառիկ տաղանդին, որ միայն հպարտութիւն կը ներշնչէ, դիտել տուաւ ան: Այս առիթով ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեան արուեստասէր ու արուեստը մնայուն կերպով քաջալերող ամոլին, որ ստանձնած է նման ցուցահանդէսի մը հովանաւորութիւնը եւ զայն իրականութիւն դարձուցած է:
Յ. Հաւաթեան նշեց, որ Արեւ Պետրոսեանի ապակիի վրայ, ոսկեայ եւ արծաթեայ թերթերով, խառն թեքնիքով ծնած ստեղծագործութիւնը ո՛չ միայն մեծապէս արժեւորուած են Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ անկէ դուրս` անոր արուեստն ու տաղանդը փոխադրելով ամէնուրեք: Ան ըսաւ, որ նման ցուցահանդէս մը լիբանանահայ իրականութեան մէջ իր յատկանշական դրոշմը պիտի ձգէ անպայման:
Ապա այս առիթով յղուած Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի ողջոյնի խօսքը ընթերցեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան Ա. քարտուղար Վարդան Ադամեան: Գրութեան մէջ վեր կ՚առնուէին Արեւ Պետրոսեանի տաղանդն ու հայկական արուեստը նորանոր ոճերով, սակայն հարազատութեամբ ներկայացնելու անոր ուղղութիւնը` հաստատելով, որ արուեստի աշխարհին մէջ ան արդէն իսկ ունի իր տեղն ու ներդրումը:
Ապա սրտի խօսք արտասանեց ցուցահանդէսի հովանաւոր Յովիկ Քիւրքճեան, որ ուրախութիւն յայտնեց ի տես ցուցասրահին մէջ տարածուած ներուժին, լոյսին եւ գոյներու միախառնումէն ծնած լոյսի շողերուն: Ան դիտել տուաւ, որ պաստառներուն ընդմէջէն տարբեր նիւթեր եւ պատկերներ կը շողան ու անոնք կոչուած են գեղեցկացնելու իրենց գտնուած վայրը:
Աւարտին խօսք առաւ արուեստագէտ Արեւ Պետրոսեան. ան հաստատեց, որ արուեստով ու ստեղծագործութիւնններով աւելի խօսուն կրնայ արտայայտել իր միտքերն ու զգացումները, քան` բառերով: Ան ուրախութիւն յայտնեց լիբանանահայ գաղութին նման գեղեցիկ, ջերմ, խստապահանջ գաղութի մը մէջ ըլլալուն համար, հոս ցուցահանդէսով ներկայանալուն համար: Ա. Պետրոսեան յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանին, որ նման սրահի մը հիմնադրութիւնը իրականացնելով առիթ ստեղծած է տարբեր արուեստներու համախմբման` դիտել տալով, որ արուեստը սահման, լեզու, ազգութիւն չունի, այլ անիկա անծայրածիր է, արտայայտութիւնն է գեղեցիկին եւ վեհութեան:
Հայրենի արուեստագէտը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց նաեւ կազմակերպիչներուն եւ հովանաւորներուն, որոնք արուեստի արժէքին գիտակցելով նման նախաձեռնութիւն մը իրականացուցած են:
Իր խօսքը եզրափակելով ան իր հօր` Բենիկ Պետրոսեանի մասին գիրք մը նուիրեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին: