
Երեքշաբթի 9 Դեկտեմբեր 2008ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան այցելեց Ճեմարանի բարերար Հայկ Արսլանեանի որդին` Արմէն Արսլանեանը: Ան դիմաւորուեցաւ Ճեմարանի տնօրէնութեան, խնամակալութեան եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն կողմէ եւ անոնց ընկերակցութեամբ շրջագայեցաւ Ճեմարանի բոլոր բաժանմունքները՝ ուսուցման գլխաւոր շէնքը, գրադարանը, Ատրինէ Գարագաշեան կառուցուող մարզամշակութային սրահը եւ Նորսիկեան մանկապարտէզը: Ան նաեւ այցելեց քանի մը դասարաններ եւ խօսակցութիւն ունեցաւ աշակերտութեան հետ՝ անոնց քաջալերանքի խօսք փոխանցելով:
Պրն. Արսլանեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց ի տես այն փաստին, որ հայ նորահաս սերունդին հայեցի առողջ կրթութիւն եւ հայեցի շունչ ու ոգի փոխանցելու համար, ինչպէս նաեւ բարձրագոյն որակի գիտական եւ լեզուական ուսուցում տալու համար Ճեմարանի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն:
Պրն. Արսլանեան մեկնեցաւ յաջողութիւն մաղթելով Ճեմարանի բոլոր ծրագիրներուն: