
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Ուրբաթ, 26 Նոյեմբեր 2010-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արմէն եւ Սիւզան Քեչեկ ամոլի դաշնակի զուգանուագը՝ ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, արուեստագէտներու,
համազգայնականներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու։
Ձեռնարկին բացման խօսքը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով արտասանեց Մարալ Չոլոյեան, որ յայտնեց, թէ գաղութին մէջ մշակութային եռուն կեանքը արդիւնք է Համազգայինի մէջ առկայ գործունեայ մթնոլորտին եւ Համազգայինի շուրջ համախմբուած արուեստագէտներու ու արուեստասէրներու զօրակցութեան ու քաջալերանքին։
Չոլոյեան աւելցուց, որ մեր ընկերութեան մէջ Արմէն եւ Սիւզան Քեչեկ ամոլը արդէն անծանօթ դէմքեր չեն ու իրենց երաժշտական կատարումները թէ՛ լիբանանեան, թէ՛ հայկական շրջանակներուն մէջ արժանացած են ներկաներու ջերմ գնահատանքին։
Մարալ Չոլոյեան նշեց, որ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը այս ելոյթը կը նուիրէ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին՝ իր արքութեան աստիճանին արժանանալուն առիթով եւ առ ի գնահատանք Համազգայինին նկատմամբ իր ունեցած մնայուն զօրակցութեան ու գործակցութեան։
Ապա ելոյթ ունեցաւ Արմէն եւ Սիւզան Քեչեկ ամոլը, որոնք միասնաբար ունեցան դաշնակի զուգանուագ, նուագելով Պրամզի, Խաչատուրեանի, Սարաճեանի եւ Պապաճանեանի ստեղծագործութիւններէն։ Զոյգ դաշնակահարներու ներդաշնակ նուագը արժանացաւ ներկաներու ջերմ գնահատանքին։
Ձեռնարկին աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ հաստատեց, որ մարդիկ իրենց աշխատանքներուն դիմաց կ՚արժանանան գնահատանքի։ Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ Համազգայինը մշակութային գործունէութիւն ծաւալելու կողքին ազգապահպանման նպատակին կը ծառայէ, ու այս շրջագիծին մէջ «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնը ունի իր մեծ դերակատարութիւնը։
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը ըսաւ, որ առաջնորդարանը իր կարելի կը կատարէ, որպէսզի օժանդակէ մշակութային գործունէութեան։ Գեղամ արք. Խաչերեան աւելցուց, որ այս շրջագիծին մէջ ստեղծուած է «Եռագոյն ֆոնտ»ը, որ կը միտի զօրավիգ կանգնիլ «Բ. Կանաչեան» քոլեճի աշակերտներուն։ Իր խօսքի աւարտին, առաջնորդ սրբազանը գնահատեց Արմէն եւ Սիւզան Քեչեկ ամոլի բարձրորակ ու համաչափ կատարումները։