
Մրցոյթ բառը ինքնին որոշ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ շատերու մօտ. աւելցնենք վրան մրցոյթին բնոյթը՝ այս պարագային բանաստեղծութեան մը մեկնաբանութիւնը, անգիր կամ գիրքը գոց, բարձրախօսին ետեւ կանգնած, հանրութեան առջեւ... կրնաք ըմբռնել, թէ ո՛րքան կը բազմապատկուի այդ զգացումը, մանաւանդ երբ խնդրոյ առարկան աշակերտ է, ընդհանրապէս անփորձ։ Առ այդ, Կիրակի, 5 Մայիս 2019-ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս մուտք գործող իւրաքանչիւր աշակերտ շնորհաւորելի է իր մասնակցութեան համար։
Ասմունքը մեր մշակութային ժառանգութեան մէջ իր իւրայատուկ տեղը գրաւած է հազարամեակներու ընթացքին. իր զարգացումը ընթացած է թատրոնի զարգացման զուգահեռ, Տիգրանակերտի, Արտաշատի թատրոններէն մինչ 20-րդ դար։ Ասմունքը իբրեւ առանձին ճիւղ սկսած է յաւելեալ զարգանալ 20-րդ դարու սկիզբը, երբ բեմական խօսքն ու գեղարուեստական ընթերցանութիւնը հետզհետէ սկսած են մաս կազմել դասաւանդուող նիւթերուն։ Կան բազմաթիւ տաղանդաւոր ասմունքողներ սփիւռքի թէ հայրենիքի տարածքին. սակայն, ասմունքի վարպետներու թիւը քիչ է ։ Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբը, տարիներու աւանդութիւն դարձուցած է աշակերտական արտասանական մրցոյթը, քաջալերելու համար անոնք, որոնք հակումը ունին ասմունքի կամ շնորհքը ցուցաբերած են այս կամ այն առիթով. աւելին՝ հաւատարիմ իր առաքելութեան՝ Համազգայինը ջանք չի խնայեր հայ լեզուն ու հայ գրողը արթուն պահելու համար։
Այս տարեշրջանին, Մրցոյթը կեդրոնացած էր 5-12-րդ դասարաններու աշակերտներու վրայ, որոնք բաժնուած էին երեք խումբի՝ 5-6-րդ, 7-8-րդ եւ 9-12-րդ։ Գրական յաձնախումբը համադրած էր խումբերուն համապատասխան բանաստեղծութիւններու ցանկեր. իւրաքանչիւր աշակերտի պարտականութիւնն էր ընտրել եւ ներկայացնել իրեն սահմանուած ցանկէն մէկ բանաստեղծութիւն։
Օրուան հանդիսավար Արմինէ Թորիկեան կը նշէ թէ ցանկերուն մէջ ընդգրկուած բանաստեղծներու յատկանշական ամեակներն են այս տարի. Յովհաննէս Թումանեանի եւ Լեւոն Շանթի 150-ամեակը, Սիլվա Կապուտիկեանի եւ Գէորգ Էմինի 100-ամեակը, Պարոյր Սեւակի 95-ամեակը, Մուշեղ Իշխանի եւ Համօ Սահեանի 105-ամեակը, Սիպիլի մահուան 85-ամեակը....։ Ան հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէ այս տարուան դատական կազմի անդամները՝ գրական գործունէութիւն ծաւալող ասմունքողներ Ռուբէն Մնացականեան, Վարագ Պապեան եւ Թամար Տօնապետեան Գուզուեան։
Թիւով 35 մասնակցողները կու գային Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանէն եւ ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանէն։ Առաջին ներկայացումէն իսկ ի յայտ եկաւ, թէ ո՛րքան լաւ պատրաստուած էին աշակերտները եւ հետզհետէ յստակացաւ, թէ ինչքան դժուար պիտի ըլլար դատական կազմին գործը։ Ոճերու այլազանութիւնը ալ աւելի հետաքրքրական դարձուցած էր Մրցոյթը։ Կազմը կեդրոնացաւ հետեւեալ չորս հիմնական կէտերուն վրայ-. առոգանութիւն, սահունութիւն, մեկնաբանութիւն, ընդհանուր մատուցում։
Մինչ դատական կազմը իր որոշումը կ՚առնէր, վաստակաւոր ուսուցիչ եւ ասմունքող Մուշեղ Գարագաշեան ասմունքի մասին բացատրութիւններ տուաւ աշակերտներուն եւ ասմունքներով առաւել հարստացուց Մրցոյթը։
Հասաւ սպասուած պահը. հանդիսավարը մէկ առ մէկ բեմ հրաւիրեց մրցանակի արժանացած աշակերտները։ Մրցոյթին արդիւնքը հետեւեալն էր.- 5-6-րդ դասարաններէն Ա. մրցանակին արժանացան Սիւզի Գունաշեան եւ Գառնի Մարգարեան. Բ. մրցանակին՝ Էլենա Ֆարաճեան, Գ. մրցանակին՝ Լենա Մահտէսեան. 7-8 դասարաններէն Ա. մրցանակին արժանացաւ Սարին Գաբրիէլեան, Բ. մրցանակին արժանացան Իզապէլ Ակոբ եւ Շայլա Կիրակոսեան, Գ. մրցանակին՝ Լիլիթ Նաճարեան եւ Լիզա Յովակիմեան. 9-12 դասարաններէն Ա. մրցանակին արժանացան Լոռի Պէրպէրեան եւ Արիս Չուլճեան. Բ. մրցանակին՝ Գէորգ Տանայեան եւ Սառա Պայրագտարեան իսկ Գ. մրցանակին՝ Ժուլիանա Տոնոյեան եւ Էլիզապէթ Գանտահարեան։ Մրցոյթի աւարտին, բոլոր աշակերտները գիրքերով պարգեւատրուեցան. գիրքերը հայթայթուած էին Համազգայինի Գրատարած-Գրադարանի յանձնախումբին կողմէ։ Գիրքերու կողքին, մրցանակակիրները ստացան երկուքական տոմս, Համազգայինի յառաջիկայ ձեռնարկներէն երգչախումբի կամ պարախումբի ելոյթներուն։
Բուռն ծափահարութիւն բոլորին։ Շնորհաւորելի են ծնողք եւ ուսուցիչ, որոնց քաջալերանքն ու հետեւողական աշխատանքը իր փայլուն արդիւնքը տուաւ Մրցոյթի ընթացքին։ Բանաստեղծութեան միտք բանին ըմբռնելը, եւ բանաստեղծին ոգին, կտորին առթած զգացումը կարենալ հանդիսատեսին փոխանցելը փորձառութիւն եւ յատուկ շնորհք կը պահանջէ։ Համոզուած ենք, որ Թորոնթոն ունի շնորհալի ասմունքողներու խմբակ մը, որոնց անպայման պէտք է հետեւիլ , զանոնք յաւելեալ թրծել. անո՛նք են, որ պիտի ծաղկեցնեն մեր բեմերը յառաջիկային։
Թամար Տօնապետեան Գուզուեան