Եւրոպա

Երկուշաբթի 30 Մայիս 2022-ին, Փարիզի Հայ Մշակոյթի տան մէջ, Համազգային Փարիզի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ յայտնի լրագրող Անժելա Սահակեանի «Արցախապատում» գիրքի շնորահահանդէսը:
Գիրքը ժողովածու մըն է Այբ էՖ էմ Ռատիոյի հաղորդումներէն «Արցախապատում» յայտագրէն, ուր 2002-էն սկսեալ ներկայացուած են 500-է աւելի քրոնիկներ, նուիրուած Արցախի պատմութեան, դարաւոր մշակոյթին, աւանդութիւներուն, ազատագրական պայքարին եւ նահատակ հերոսնեըուն, պատմագրական յաջող ամփոփում մը՝ 20 տարիներու իրողութիւներէն, Ղարաբաղի շարժման ծնունդէն եւ պետականութեան ստեղծումէն:
60-է աւելի ներկաներ հետեւեցան ներկայացման եւ արտայայտեցին իրենց գաղափարներն ու մտահոգութիւները Արցախի եւ Հայաստանի քաղաքական ներկայ վիճակին մասին:
Երեկոն փակուեցաւ հեղինակին կողմէ գիրքերու մակագրութեամբ: