Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ

Համազգայինի «Լ.Շանթ» Մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին տեղի ունեցաւ Արցախեան պատերազմի վերջին իրադարձութիւններուն մասին դասախօսական երեկոյ «Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս։
Ձերնարկին ներկայ էին «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան անդամներ, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ դամասկահայ հոծ բազմութիւն մը։
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան անդամ Մարալ Գաթըգլեան, որ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը Արցախի ազատութեան ճանապարհին վրայ իրենց կեանքը նուիրաբերած նահատակներուն եւ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելու Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց, որմէ ետք Հայաստանի քայլերգով ընթացք առաւ ձեռնարկը։