
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 12 Յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի տաղանդաւոր գեղանկարիչներու ցուցահանդէս, ինչպէս նաեւ «Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութեան կողմէ արցախեան գորգերու եւ արցախեան ձեռագործ բազմաթիւ աշխատանքներու ներկայացում: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ եւ հովանաւորութեամբ դոկտ. Գրիգորիս եւ դոկտ. Գեղուհի Պողարեաններու, ինչպէս նաեւ «Պի. Պի. Էյ. Սի.» դրամատան:
Խօսք առաւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի եւ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան ըսաւ, թէ «այս ձեռնարկով հիմը կը դնենք Արցախի հետ մեր համագործակցութեան եւ վստահ ենք, որ այս անդրանիկ նախաձեռնութիւնը պիտի շարունակուի յառաջիկային եւ մեր կապերը օրէ օր աւելի պիտի ամրապնդուին»: Ան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ նախաձեռնութիւնը ունի խորիմաստ պատգամ, որովհետեւ Արցախ բոլոր ժամանակներէն աւելի կարիքը ունի հայութեան զօրակցութեան: Ան յայտնեց, որ Համազգայինի Արցախի գրասենեակը իր կարգին այդ առաքելութեան գիտակից է եւ իր աշխատանքը կը ծաւալէ սահմանամերձ այն բոլոր գիւղերուն ու շրջաններուն մէջ, ուր ամէն օր կայ թշնամիին սարսափն ու ահազանգը: