
Հայ գիրքն ու հայ գրողը հանրութեան ծանօթացնելու համար կարելի է մտածել զանազան կերպերու մասին, բայց ինչ որ «Բագին»ի խմբագրութիւնը նախաձեռնած է ու վերջին ամիսներուն կը գործադրէ, եթէ մինչեւ իսկ իր տեսակին մէջ եզակի չէ, բայց անպայման հետաքրքրական եւ շահեկան է:
Այսպէս, «Բագին»ի խմբագրութիւնը իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ Չորեքշաբթի օր երեկոյեան իր յարկին տակ կը հրաւիրէ հայ գիրքի բարեկամներն ու գրասէրները՝ ծանօթանալու հայ գրողի մը ու անոր ստեղծագործութեան: Հեղինակն ու անոր ստեղծագործական աշխատանքը ներկաներուն կը ծանօթացուին գիտակ անհատներու կողմէ, եւ կամ՝ նոյնինքն հեղինակին կողմէ. ապա ընթերցումներ կը կատարուին ներկայացուող գործերէն: Իսկ երբ ընթերցումները կատարեն ներկաները՝ իրենք, մթնոլորտը աւելի եւս կը ջերմանայ: Յաջորդող պահը՝ կարծիքներու փոխանակութիւն՝ քննարկուող ստեղծագործութեան մասին, ոչ միայն աւելի լայն կը բանայ տեսադաշտը, այլեւ երբեմն անակնկալի կը բերէ ներկաները՝ յայտնուած կարծիքներուն ի լուր, ինչ որ, կը կարծենք, հանդիպումներու հետապնդած իրաւ նպատակն է:
Ցարդ կազմակերպուած հանդիպումներուն իրենց գործերով ծանօթացուող դէմքերն էին՝ Զուլալ Գազանճեան (բանաստեղծական վաստակ), Յարութ Շէքէրճեան (թատրերկ), Պէպօ Սիմոնեան (քերթողութիւն), Կարօ Աբրահամեան (պոլսահայ գրողներու մասին), Մովսէս Պչաքճեան (վէպ) եւ Էլօ Հերկելեան (Կոստան Զարեանի մտածումներէն):
Հարկ է խոստովանիլ նաեւ, որ գրական այս հանդիպումները նորովի հետաքրքրութիւն ու խանդավառութիւն ստեղծող պահեր են ոչ միայն հեղինակներուն, այլեւ ներկայ գրասէրներուն համար: Մեր միակ ափսոսանքը՝ ներկաներուն սակաւաթիւ ըլլալն է:
Այս առիթով պէտք է շնորհաւորել «Բագին»ի խմբագրութիւնը, մասնաւորաբար՝ պատասխանատու խմբագիր Յակոբ Պալեանն ու փոխ խմբագիր Սեդա Գրիգորեանը, եւ բոլոր անոնք, որոնց անմիջական աջակցութեամբ կþիրականանայ ծրագիրը:
Եւ, վերջապէս, սրտագին մաղթանք մը© երանի թէ տրուած բաց հրաւէրին աւելի մեծ թիւով ընդառաջողներ ըլլան յառաջիկայ ձեռնարկներուն:
Եւնիկէ Եագուպեան
(Ազդակ օրաթերթ)