
Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան, Երկուշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2010-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բազմավաստակ մտաւորական, գրականագէտ, հրապարակագիր, խմբագիր եւ կրթական մշակ Պօղոս Սնապեանի մեծարանքի հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, պետական գործիչներու, քաղաքապետերու, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, մտաւորականներու, արուեստագէտներու, գրասէրներու, եւ Պօղոս Սնապեանի հարազատներուն ու աշակերտներուն։
Հանդիսութեան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ Պօղոս Սնապեանի նման մեծերը մեծարուելու կարիքը չունին, քանի որ անոնք իրենց գործով, վաստակով, ձգած մեծ ժառանգութեամբ եւ կերտած պատմութեամբ արդէն իսկ նուաճած են բարձունքներ։ Ան նշեց, որ այսպիսի մեծերու ներկայութիւնը միշտ զգալի է եւ բացակայութիւնը դժբախտութեան համազօր երեւոյթ է, մանաւանդ երբ մեր իրականութեան մէջ այս օրերուն կը պակսին փոխարինողները։
Հաւաթեան հաստատեց, որ մեծարանքի այս հանդիսաւոր պահը անկեղծութեան եւ ինքնահաշուետուութեան պահ է, որպէսզի այս մեծարանքը ծառայէ իր հիմնական նպատակին՝ մեր մտաւորական ներուժը զսպանակելու, մեր մշակութային ու գրական շտեմարանը հարստացնելու եւ ժամանակակից պայմաններուն հետ համահունչ դարձնելու։
Յակոբ Հաւաթեան նաեւ շեշտեց, որ այսօր հրամայական անհրաժեշտութիւն է հայ գիրի, գրականութեան եւ ընդհանրապէս մեր լեզուին նկատմամբ աւելի յանձնառու կեցուածքի դրսեւորումը եւ նորահաս սերունդներու հայեցի կրթութիւնն ու կազմաւորումը հիմնախնդիրի վերածելու հանգամանքը։ Իր խօսքի աւարտին Հաւաթեան մաղթեց, որ Պօղոս Սնապեան յառաջիկային եւս ունենայ յաւելեալ բեղուն գործունէութիւն եւ ստեղծագործական իրերայաջորդ նուաճումներ։
Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցան ջութակահար Յովիկ Գարախանեան եւ դաշնակահար Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան, որոնք նուագեցին Կոմիտասի «Կռունկ» ստեղծագործութիւնը։
«Պօղոս Սնապեան երեւոյթը» նիւթը ներկայացուց հայրենի գրականագէտ փրոֆ. Կիմ Աղաբեկեան, որ նշեց, թէ սփիւռքի մէջ եկեղեցին ու ազգային իշխանութիւնները մտաւորականութեան նկատմամբ ունին յարգանքի ու խորհրդակցելու յատուկ վերաբերմունք, ինչ որ դրական է ու շահեկան։ Ան հաստատեց, որ Պօղոս Սնապեան յատուկ երեւոյթ է, որ ունի հսկայական վաստակ եւ սփիւռքի մէջ ստեղծած է գրական միջավայր ու մթնոլորտ։
Աղաբեկեան շեշտեց, որ երբ Սնապեանի խմբագրած «Բագին»ը Հայաստանի մէջ արգիլուած էր, այն ատեն ձեռքէ-ձեռք անցնելով կը կարդացուէր, եւ այդ օրերուն «Բագին»ը տիրական ազդեցութիւն ունէր Հայաստանի մտաւորականներուն վրայ։
Կիմ Աղաբեկեան ըսաւ, որ Սնապեան ունի ինքնուրոյն նկարագիր եւ ներքին խռովք, որ արդիւնք է մեծ անհատականութեան։ Աղաբեկեան հաստատեց, որ գրաքննադատ Պօղոս Սնապեան առաջին իսկ օրէն մինչեւ այսօր պահպանած է արժեւորման իր յատուկ չափանիշերը։
Այնուհետեւ Յովիկ Գարախանեան եւ Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան նուագեցին Կոմիտասի «Ծիրանի ծառը» գործը։ Օրուան երկրորդ պատգամաբերն էր Կարօ Յովհաննէսեան, որ ներկայացուց «Պօղոս Սնապեան՝ մտաւորականը եւ հրապարակագիրը» նիւթը։
Պօղոս Սնապեանի տասնամեակներու իրագործումները հերթաբար թուարկելէ ետք Յովհաննէսեան նշեց, որ ան ոչ թէ երկրորդ, ալ երրորդ անգամ ալ մեծարուելու արժանի է։ Յովհաննէսեան յայտնեց, որ Սնապեանի յաջողութեան գրաւականը յարատեւ աշխատանքն է եւ գործը յարատեւ կերպով հետապնդելու կամքը, քանի որ ինք որեւէ ատեն չէ տեսնուած առանց աշխատանքի։
Կարօ Յովհաննէսեան շեշտեց, որ քաղաքացիական պատերազմի օրերուն եւս Սնապեան իր օրագրութիւնը պահած է, ինչ որ նոյնինքն մեծ արժէք կը ներկայացնէ։ Յովհաննէսեան շեշտեց, որ Սնապեանի խմբագրած «Բագին»ը տեղ տուած էր մեր կեանքը ղեկավարող այլ հոսանքներուն եւ նոյնիսկ համայնավար գրողներուն, եւ Սնապեանի այս լայնախոհութիւնը հոգեկան կամուրջ հանդիսացած էր Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ։
Ան ըսաւ, որ Սնապեանի բծախնդրութիւնը, անկեղծութիւնն ու քաջութիւնը նկարագիրի հիմնական յատկանիշներ են, որոնց շնորհիւ ան լուսարձակի տակ առաւ մեր կեանքի բոլոր մարզերը, քննադատեց բոլոր անոնք, որոնք կը խեղաթիւրեն իրականութիւնները, եւ Հայաստանի մէջ անցեալին ըսաւ այն, ինչ որ հայրենի գրողներուն համար արտօնուած չէր ըսելը՝ հանդիսանալով անոնց մտահոգութիւններուն թարգմանը։
Յաւերժ Շխրտըմեան ասմունքեց Պօղոս Սնապեանի «Հողը» արձակ գրութիւնը, որմէ ետք Յարութիւն Քիւրքճեան ներկայացուց «Ծաղկաքաղ արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութեան» հատորները։ Քիւրքճեան ըսաւ, որ արեւմտահայ գրականութեան նուիրուած առաջին հատորը անցեալին ոգի տուող յուշարձան մըն է, մինչ երկրորդը՝ սփիւռքահայ գրականութեան հատորը՝ ներկան ամրագրող արխիւ։
Յարութիւն Քիւրքճեան նշեց, որ այս հատորները կը միտին գրականութիւնը դարձնել մեր կեանքին մէկ մասը եւ վառ պահել ապրելու հաւատքը։ Ան աւելցուց, որ Սնապեանի կողմէ արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութեան զոյգ հատորներու խմբագրումը իր կեանքի ասպարէզի շղթայէն օղակ մըն է, որուն կազմաւորման համար ան հաւատքով ու կիրքով կատարած է իրեն վստահուած գործը։
Պօղոս Սնապեանի մեծարանքի երեկոյին աւարտին Նորայր եպս. Աշըգեան ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական օրհնութեան գիրը, որուն մէջ նշուած է, որ Սնապեան սփիւռքահայ գրականութեան հաւատաւոր նուիրեալն է, որ ծառայած է գրականութեան եւ կաթողիկոսարանի գործունէութեան։ Օրհնութեան գիրին մէջ վեհափառը յոյս յայտնած է, որ Սնապեան վերանորոգ ուխտով շարունակէ իր երթը։
Ձեռնարկէն ետք կատարուեցաւ Համազգայինի 80-ամեակին առիթով լոյս տեսած «Ծաղկաքաղ արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութեան» զոյգ հատորներուն մակագրումը։