
Ամանորեան տօներէն առաջ Համազգայինի Գիր եւ գրականութեան մասնագիտացած մասնաճիւղին վարչութիւնը գաղափարը յղացաւ կազմակերպելու բանաստեղծական առցանց շարադրական մրցանք` մասնաճիւղի դիմատետրեան էջին ընդմէջէն: Առ այդ, նամակ-հրաւէրներ ուղարկուեցան լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէնութիւններուն անխտիր, սոյն վարժարաններուն աշակերտները քաջալերելու համար` մասնակցելու այս մրցանքին:
Մրցանքի թեմային ներշնչման աղբիւրը սփիւռքահայ մեծանուն բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի «Նամակ Կաղանդ պապային» բանաստեղծութիւնն էր, որ կը ներկայացնէ իւրաքանչիւր հայ անհատի հոգեհարազատ բաղձանքն ու խնդրանքը: Մասնաճիւղին վարչութիւնը մրցանքին մասնակցիլ փափաքող աշակերտներէն խնդրած էր իրենց յոյզերը եւ զգացումները արտայայտել բանաստեղծական կտորներու ընդմէջէն: Նշանակուեցաւ դատական կազմ մը, որ լաւագոյն բանաստեղծութիւններու իր ընտրութիւնը կայացնելու համար նկատի ունեցաւ հետեւեալ չափանիշները. բառամթերք, ուղղագրութիւն, շարահիւսութիւն, ոճ եւ ներկայացման ձեւ: Դատական կազմի անդամներն էին` Յովիկ Պերթիզլեան, Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան, Նարէ Գալեմքէրեան, Նազելի Աւագեան եւ Հուրի Գոչունեան-Ղազարեան: Յայտնենք, որ դատական կազմի անդամները իւրաքանչիւր բանաստեղծական գրութեան իրենց գնահատականները տալու ընթացքին անծանօթ մնացին գրութեան հեղինակ աշակերտի ինքնութեան` աւելի անկողմնակալ տալու համար իրենց գնահատականը: