
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ գործող Աւանդոյթներու միաւորին նախաձեռնութեամբ՝ Շաբաթ, 2 Մարտ 2019-ի երեկոյեան, «Տաղլեան» համալիրի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի նուիրուած ճաշկերոյթ-դիմակահանդէսը, որ պիտի դառնայ տարեկան յաճախականութեամբ իրականացող ձեռնարկ մը։
Աւանդոյթներու միաւորի ատենապետ եւ դիմակահանդէսի կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետ Շուշիկ Արսլանեան կը յայտնէ, թէ կարելի եղած է իրականացնել եւ շրջանցել հաճելի ու տարբեր երեկոյ մը կազմակերպելու նպատակը։
Իւրայատուկ այս նախաձեռնութեան մասնակցողներէն շատեր ներկայացած էին հետաքրքրական տարազներով, վայելելով ընկերային պահը եւ անոր յաջորդած համեղ ընթրիքը ու գեղարուեստական յայտագիրը, որ մատուցուեցաւ «Փարի Շանսոն» նուագախումբին եւ երգիչներուն կողմէ։
Կատարուեցան գլխաւորաբար Շարլ Ազնաւուրի ստեղծագործութիւնները, որոնք գեղեցկօրէն յարդարուած պարահարթակը հրաւիրեցին ձեռնարկին մասնակցողները։
Դիմակահանդէսին հանդիսավարն էր կատակաբան Լոռի Թաթուլեան, որ հիւրերը ներկայացնելէ ետք բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Աւանդոյթներու միաւորէն Լորէյն Ալեքսանտրը՝ ներկայացնելու համար միաւորին նորագոյն նախաձեռնութիւնը։