Եւրոպա

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Փարիզի վարչութեան,Կիրակի 12 փետրուար 2023-ին, համազգայինի խումբ մը բարեկամներ մեծ խանդավառութեամբ Բարեկենդան տօնեցին։
Մեծ ու պզտիկ հաւաքուած էին միասին ճաշելու, փոքրերը ծպտուած գոյնզգոյն հագուստներով։ Համազգայինի Փարիզի վարչութեան անունով Սիլվա Սիմոնեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, իսկ Կապոյտ Տնակի փոքրերը պատրաստած էին քանի մը երգ ու ոտանաւոր:
Երեք սերունդ միատեղ համախմբուած, ներկաները հաճելի պահեր անցուցին Բարեկենդանի առթիւ։