
Բարսեղ Կանաչեանի ծննդեան 125-ամեակին առիթով, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, 20 Փետրուար 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբի Կանաչեանի «19 փոքր երգեր» համերգը։
Համերգին սկզբնաւորութեան «Կարկաչ»ի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Զաքար Քէշիշեան նշեց, որ Կանաչեանի «19 փոքր երգեր»էն իւրաքանչիւրը նուիրուած է հեղինակին հարազատներու փոքրիկներուն։ Քէշիշեան հաստատեց, որ կարկաչականները մեծ ոգեւորութեամբ պատրաստեցին այս համերգը։
«Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբը երգեց Կանաչեանի 19 ստեղծագործութիւնները, որոնցմէ կարելի է նշել «Մայրենի դպրոց»ը, «Փառք մայր հողին»ը, «Ծիտը»ն, «Լուսին»ը, «Մեղու»ն, «Ծընկըլը, մնկըլը»ն, «Խնոցի»ն, «Խաղաղ գիշեր»ը, «Դպրոցական քայլերգ»ը եւ «Հայրենի կարօտ»ը։
Յայտագիրի աւարտին երգչախումբը երգեց Կոմիտասի «Հայր մեր»ը եւ Կանաչեանի «Օրօր»ը։ Կարկաչականներու որակաւոր ելոյթը արժանացաւ ներկաներու գնահատանքին եւ ծափահարութիւններուն, երբ պատանիները իրենց խմբավարին հսկողութեամբ վերակենդանացուցին Բարսեղ Կանաչեանին յիշատակը։ Նշենք, որ երգչախումբին դաշնակով կ՚ընկերակցէր դաշնակահար Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան։