
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, Շաբաթ, 21 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ քոլեճի ջութակահարներու համոյթին ելոյթը` ներկայութեամբ արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Արմէն Քեչեկ, որ նշեց, թէ այսպիսի համերգներ շարժառիթ կը հանդիսանան կատարողական փորձառութիւն ձեռք բերելու:
Ան շեշտեց, որ ջութակահարներու համոյթը յարատեւ ու կազմակերպուած կերպով կը տանի իր աշխատանքները, որոնց գեղարուեստական ղեկավարն է քոլեճի ուսուցիչ Գարիկ Գասպարեան:
Ապա ելոյթ ունեցաւ ջութակահարներու համոյթը, որ նուագեց Եկմալեանի, Գորելլիի, Մենտելսոնի, Կոմիտասի, Շամինատի, Խաչատուրեանի, Կանաչեանի եւ այլ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններէն գոհարներ, որոնք արժանացան ներկաներու ջերմ գնահատանքին: Յայտագիրը փակուեցաւ Կոմիտասի «Վաղարշապատի պար» երաժշտութեան կատարումով:
Ջութակահարներու համոյթը իր բարձրորակ եւ համաչափ կատարումով արժանացաւ ներկաներու ջերմ գնահատանքին: