
Ուրբաթ, 6 Սեպտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւնը մեծ ուրախութեամբ հիմը դրաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին եւ բացաւ իր դռները, «Արմէն Կարօ եւ Շաքէ Կէօնճեան» Կեդրոնէն ներս, միանալով իր Լիբանանի եւ Սուրիոյ քոյր մասնաճիւղերուն «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցներու ընտանիքին։
Մեծ էր խանդավառութիւնը այցելող ընտանիքներուն եւ անսահման իրենց ու զաւակներուն ուրախութիւնը, որովհետեւ վերջապէս, Հայ Կեդրոնի համալիրի շրջափակին մէջ, անոնք առիթը պիտի ունենան զբաղելու իրենց նախասիրած նուագարանով, Համազգայինի հովանիին տակ։ Ուրախ ենք յայտարարելու, թէ բացման օրն իսկ մենք ունեցանք արդէն 30-ի հասնող աշակերտներու արձանագրութիւն, եւ մեծ յոյս ունինք, որ յաջորդ շաբաթներուն այս թիւը պիտի բազմապատկուի։
Առ ի յիշեցում, երաժշտանոցը կ՚ընծայէ հետեւեալ գործիքներու դասընթացքներ՝ դաշնակ, երգեհոն, կիթառ, ջութակ, դուդուկ, սրինգ, գլլարինէթ եւ սաքսոֆոն։ Ունինք նաեւ ձայնամարզութեան դասընթացք, իսկ 5-12 տարեկաններուն համար՝ երաժշտական նախապատրաստութեան (initiation musicale) խմբային յատուկ ծրագիր։
Արձանագրութիւնները տակաւին կը շարունակուին։ Բոլոր անոնք որոնք յաւելեալ տեղեկութեան կարիքը ունին, կրնան հեռաձայնել երաժշտանոցի յատուկ թիւին՝ 514-942-4749, կամ գրել pganachian@gmail.com հասցէին։
«Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւն