
Հայոց մշակոյթը հնագոյն ժամանակներէն մեզի աւանդուած է, սակայն չէ սահմանափակուած միմիայն արուեստով, ան բազմաշերտ է, մինչեւ իսկ իր մէջ կը պարփակէ գիտական եւ բժշկական մշակոյթը։ Առ այդ, 24 Փետրուար 2021-ին, Գամիշլիի «Աւետիս Ահարոնեան» մասնաճիւղի նախաձեռնած բժշկական դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Ազգային Փոխանորդարանի դահլիճէն ներս եւ ունեցաւ իր յաջող ներկայացումը, որուն ընթացքին վարչութեան անդամ Ռուզան Պետրոսեան հակիրճ ձեւով ներկայացուց համազգայինի առաքելութիւնը եւ անոր հրամայականը, ի մասնաւորի պարման պարմանուհիին լաւագոյն մշակութային դաստիարակութիւն փոխանցելով, ապա հրաւիրեց օրուան դասախօս Բժշկհ. Սիրվարդ Սարգիսեան-Շիրիքճեանը։ Բժշկուհին շատ յոյժ եւ արդիական գիտելիքներ փոխանցեց ներկաներուն, հարստացնելով հայ մայրերու ու քոյրերու բժշկական գիտելիքներու մշակոյթը։ Ներկաները ուղղեցին իրենց լուսաբանական հարցումները, որմէ ետք տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն. վարչութիւնս նկատելով եւ շօշափելով ներկաներուն ցանկութիւնը,խոստացաւ որ եկող շաբաթ, կրկին անգամ այլ թեմայի շուրջ տեղի ունենայ բժշկական դասախօսութիւն մը։