
Հինգշաբթի, 14 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ նախկին նախարար տէր եւ տիկին Ալեն Թապուրեանին եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեանե ցուցասրահին, բացումը կատարուեցաւ սերպ գեղանկարչուհի Ռատմիլա Իվոս-Պէօյիւքեանի «Երեւակայութիւն, վայելքե խորագիրը կրող գեղանկարներու ցուցահանդէսին՝ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու։
Ցուցահանդէսին Ռատմիլա Իվոս-Պէօյիւքեան ցուցադրած է 17 գեղանկարներ, որոնք կը կրեն տարբեր անուններ, ինչպէս՝ «Լը վիլաժեե «Նիւ Եորքե, «Փորթէե, «Լէ Ֆլիւրե, «Մեփե եւ այլն։ Իվոս-Պէօյիւքեանի գեղանկարները հարուստ են վառ գոյներով, իսկ գեղանկարներուն բնոյթը վերացական է, իսկ կարգ մը գեղանկարներ տպաւորապաշտ մթնոլորտ կը ստեղծեն։
Բացման հանդիսութեան Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեանե ցուցասրահին անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Քարլա Թիւթիւնճեան, որ նշեց, թէ 1997-ին Իվոս-Պէօյիւքեան մէկն էր եուկոսլաւիացի 100 աշակերտներէն, որոնք վեց ամիս առիթը ունեցան Միացեալ Նահանգներու մէջ հետեւելու յատուկ դասընթացքներու, որոնց ընթացքին անոնք ստացան համապատասխան փորձառութիւն։
Ան ներկայացնելով գեղանկարիչին կեանքն ու գործունէութիւնը նշեց, որ արուեստագէտը տարբեր երկիրներ ճամբորդած է եւ հետեւած գեղանկարչական դասընթացքներու, իսկ ներկայիս ան կը ստեղծագործէ Փարիզի մէջ։
Ապա խօսք առաւ Ռատմիլա Իվոս-Պէօյիւքեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց «Լիւսի Թիւթիւնճեանե ցուցասրահին, որ բծախնդրօրէն կազմակերպեց այս ցուցահանդէսը։ Ան ըսաւ, որ իր ամուսինին՝ Լեւոն Պէօյիւքեանին հետ ամուսնանալով ծանօթացած է հայերուն, որ սերպերուն հետ ունին բազմաթիւ նմանութիւններ։ Ռատմիլա Իվոս-Պէօյիւքեան աւելցուց, որ այս ցուցահանդէսը լաւագոյն առիթն է յայտնելու իր յարգանքը հայ ժողովուրդին նկատմամբ։
Նշենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 24 հոկտեմբեր 2010։