
Կազմակերպութեամբ «Բագին» գրական հանդէսին, Չորեքշաբթի, 9 Փետրուար 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագին»ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ընթերցման հանդիպում մը՝ նուիրուած Գէորգ Ճ. Աբէլեանի «Ցկեանս նահատակութիւն 2. Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջո՜ւր...» հատորին։
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Բագին» գրական-գեղարուեստական պարբերաթերթի փոխ խմբագիր Սեդա Գրիգորեան, որ նշեց, թէ Աբէլեանի հատորին մէջ գոյութիւն ունին սերունդի մը արհաւիրքը նկարագրող վկայութիւններ, որոնք վաւերական եւ կարեւոր աշխատանք մը կը կազմեն։ Անոնք ատաղձ են գեղարուեստական գրականութեան համար։
Գրիգորեան շեշտեց, որ այս հաւաքը «Բագին»ի ընթերցման հանդիպումներու նոր տարեշրջանի առաջին հանդիպումն է, որուն ներկայութեան պատկերը այս անգամ ոգեւորիչ է։
Ապա խօսք առաւ «Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջո՜ւր» հատորի հեղինակ Գէորգ Ճ. Աբէլեան։ Ան ըսաւ, որ առաջին հատորին մէջ կային 17 վկայութիւններ, մինչ երկրորդին` 23: Աբէլեան հաստատեց, որ բազմաթիւ քրտացած հայեր կան Սուրիոյ ու այլ շրջաններու մէջ եւ անոնք հպարտ են, որ իրենք հայ են, սակայն հայկական իրականութենէն հեռու մնացած են։ Այդ հայերը ինքնութեան խնդիր ունին, քանի որ թէ՛ հայ են եւ հայ չեն, թէ՛ ալ քիւրտ են եւ քիւրտ չեն, ու երկու ընկերութիւններն ալ զիրենք ընդունելու առնչութեամբ հարցեր ունին։
Գէորգ Ճ. Աբէլեան նաեւ խօսեցաւ իր վկայութիւնները հաւաքագրելու հոլովոյթին, հանդիպումներուն ընդմէջէն ունեցած փորձառութիւններուն ու դժուարութիւններուն եւ մարդոց ցուցաբերած վերաբերմունքին ու զգացումներուն մասին։ Ան յոյս յատնեց, որ մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակ ան կարենայ վկայութիւններուն թիւը հասցնել հարիւրի։ Այս առիթով, ան կոչ ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք ծանօթներ ունին եւ կրնան օգտակար դառնալ, դիմեն ու փոխանցեն իրենց տեղեկութիւնները։
«Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջո՜ւր...» հատորին հեղինակը ըսաւ, որ արաբերէն թարգմանութիւններուն կողքին, ունի երազ մը, որն է վկայութիւններէն հաւաքածոյի մը թրքերէն թարգմանութիւնը։
Զեկուցումէն ետք, ներկաները ընթերցեցին «Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջո՜ւր...» հատորէն հատուածներ, մինչ գիրքին հեղինակը՝ Գէորգ Ճ. Աբէլեան գիրքին մասին ներկաներուն հարցումներուն ընդմէջէն փոխանցեց յաւելեալ տեղեկութիւններ։