
Կազմակերպութեամբ Համազգային Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնակիւղի վարչութեան, Կիրակի, 2 Ապրիլ 2023-ին, «Տէր-Զաքարեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ անուանի գրագէտ Պօղոս Սնապեանի յունարէնի թարգմանուած «Ես Այդ Շունն Եմ» եւ յունահայ Յովհաննէս-Սարգիս Աղապատեանի «Կեանքի Մը Յուշեր» յունարէն լեզուով գրուած գիրքերուն ներկայացումը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հոգեւոր հովիւ Եղիա աբղ. Մալխասեանը: Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ շեշտեց հայ գրագէտներու կարեւորութիւնն ու անոնց գրի առած գիրքերուն դերակատարութիւնը մեր կեանքին մէջ: Ան նաեւ յիշեցուց ներկաներուն, թէ որքան կարեւոր է գիրք ընթերցելը, մարդոց մտազարգացումին եւ յիշողութեան համար: Շեշտեց նաեւ, որ ընթերցումը կը զարգացնէ մարդու քննական միտքը եւ շարադրելու ունակութիւնները, ինչպէս նաեւ կը հարստացնէ անոր բառապաշարը: