
«Գիրքը մեր ընկերն է, իսկ հեքիաթը՝ մեր երեւակայութիւնը» ծրագիրի ծիրէն ներս, Համազգայինի Վալանսի «Լ. Շանթ» մասնաճիւղը Շաբաթ, 8 Յունիս 2019֊ին կազմակերպեց Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներու ընթերցման յետմիջօրէ մը, ներկայութեամբ 26 երեխաներու (5-12 տարեկան)։
Ձեռնարկի կազմակերպիչներուն՝ Մարալ Հարպոյեանի եւ Բէկի Էքմանեան֊Պայրամեանի կողմէ ներկայացուեցաւ Թումանեանի «Շունն ու Կատուն» հեքիաթը, ապա ցուցադրուեցաւ համանուն հեքիաթի գծաշարժանկարը։
Երեխաները ուշադրութեամբ ունկնդրեցին եւ ծանօթացան նաեւ Թումանեանի «Չարի Վերջը», «Սուտասանը» եւ «Մի Կաթիլ Մեղրը» հեքիաթներուն։ Իւրաքանչիւր հեքիաթի աւարտին տեղի ունեցած հարցադրումներուն երեխաներուն տուած պատասխանները բարձր գնահատուեցան կազմակերպիչներուն կողմէ։
Երեխաները իրենց պատրաստած մարաքաներուն նուագակցութեամբ երգեցին Կոմիտասի «Կաքաւիկ» երգը։ Այնուհետեւ տեղի ունեցան խաղեր եւ պարեր Կոմիտասի մանկական երգերուն ընկերակցութեամբ։
Աւարտին տեղի ունեցած փոքրիկ հիւրասիրութեան կողքին, երեխաները ստացան նաեւ Համազգայինի Լալային ու Արային կերպարներով եւ հայկական այլ գրութիւններով պիտակներ եւ գունաւորելու թերթիկներ՝ Կոմիտասի «Կաքաւիկ» ու «Զմփիկ» երգերուն բառերով եւ նկարներով զարդարուած։
Այս առթիւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք միշտ քաջալերած են եւ կը քաջալերեն նոր սերունդի հայեցի կազմաւորման նպաստող դաստիարակչական նմանատիպ նախաձեռնութիւններ։