
29 Նոյեմբեր 2011-ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին, Ա.Մ.Ժող. Տան «Լ. Շանթ» սրահէն ներս կայացաւ «Գոհարներ Պարոյր Սեւակէն» խորագրով երեկոն, նուիրուած մեծանուն բանաստեղծի մահուան քառասնամեակին։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վանի Թիւթիւնճեան, անդրադառնալով Համազգայինի ծննդոցին եւ տարուած գործունէութեան, հիմնական նպատակ ունենալով հայապահպանումը, հայ մշակոյթի, գիրի եւ գրականութեան տիրակալութիւնը եւ անոր փոխանցումը նոր սերունդին։
Յաջորդ հերթին Նանոր Մինասեանի եւ Սեւակ Յովհաննէսեան մեկնաբանեցին «Բարեւ»ը, ապա Մարիա Թիւթիւնճեան հակիրճ կերպով ներկայացուց Պարոյր Սեւակի կենսագրականն ու գրական ստեղծագործութիւնները։
Հանճարեղ երաժշտագէտ Կոմիտաս վարդապետի նուիրուած «Անլռելի Զանգակատուն»էն սրտառուչ կերպով ասմունքեց Քարէն Այվազեանը, ներկայացնելով «Ղողանջ Որբութեան»ը։
Դու իմ վերջինը՝ թիւրիմացաբար
Եւ իմ միակը՝ ճակատագրով…
Յիշեալ խօսքերով կ՚ուղղուի Պ. Սեւակ իր սիրուհիին «Գլխապտոյտ» բանաստեղծութեամբ, ներկայացուած Մարիա Սարգիսեանի կողմէ։
Գուսան Շահէնի «Անցայ, գնացի» երգը յօրինուած եւ նուիրուած Պ. Սեւակի, իր անզուգական ձայնով մեներգեց Արամ Խաչատուրեանը, որուն դաշնամուրով ընկերակցեցաւ Յարութ Մկրտիչեանը։
Կալի Մարգարեան ասմունքեց «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» բանաստեղծութիւնը, որ թրթռացուց հանդիսատեսներու հոգիները։
Այնուհետեւ յայտագիրը ընթացաւ Նարինէ Գոնճայեանի կողմէ մեկնաբանուած «Ուզում եմ» բանաստեղծութեամբ, ուր Պ. Սեւակ յստակ բառերով եւ խոր արտայայտութեամբ կը յայտնէ իր ցանկութիւնը։
Բարտի եւ Անդրանիկ Մինասեաններ մատուցեցին «Երեւան- Էրեբունի» (հեղինակ՝Պ. Սեւակ) երգի եղանակը, ապա Նանոր Մինասեան ասմունքեց Սեւակի «Ապրիլ» քերթուածը, ուր բանաստեղծը սեղմ տողերու մէջ ներկայացուցած է ապրելու գաղափարը։
«Մարդ էլ կայ, մարդ էլ» քերթուածը ներկայացուց իւրայատուկ ձեւով Սեւակ Յովհաննէսեան, որմէ ետք Մարիա Թիւթիւնճեան ընթերցեց ականաւոր մարդոց կարծիքները Պ. Սեւակի մասին։
Գրական երեկոն խորհրդաւոր էր ու տպաւորիչ։ Բեմահարթակի անկիւնը տեղ գրաւած էր փոքրիկ սեղան մը եւ զոյգ աթոռներ, իսկ սեղանին վրայի լուսամփոփը մեղմօրէն կը լուսաւորէր հոն տեղադրուած Պ. Սեւակի դիմանկարն ու իր ստեղծագործական հատորները։
Նանոր Մինասեան եւ Նարինէ Գոնճայեան փոխն ի փոխ կատարեցին ընթերցումներ, ներկայացնելով «Միանգամից», «Հանելուկ», «Գալիս ես, գալիս», «Մի պահ զղջում եմ», «Առանց Աստառի» եւ «Արթնցող ժամացոյց» բանաստեղութիւնները։
Ձեռնարկի ամբողջ տեւողութեան պաստառին վրայ երեւցան Պ. Սեւակի կենսագրութիւնը, ծննդավայրի յիշատակելի նկարները, տարբեր դիմանկարները, գրական ստեղծագործութիւնները, որոնք բծախնդրօրէն պատրաստուած էին Սարօ Օհանեանի կողմէ։
Բժշկ. Թորոս Թորանեան փոխանցեց Սեւակի հետ ունեցած հանդիպումներէն յուշեր։
Ժամ մը տեւողութեամբ «Սեւակեան գոհարներ»ու տարափ մը իջաւ «Լ. Շանթ» սրահէն ներս, ուր արուեստասէր հասարակութիւնը խոր ապրումով հետեւեցաւ մատուցումներուն, իսկ աւարտին գնահատուեցան ջերմ արտայայտութիւններով «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու յայտագրի մասնակիցները։
Ձեռնարկը աւարտեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդական փոխանորդ Հայր Վահան Պէրպէրեանի «Պահպանիչ»ով։
Էլիզապէթ Մալխասեան Գոնճայեան