
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, Հինգշաբթի, 25 Փետրուար 2010-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ Նորիկեանի իւղաներկ-ջրաներկ ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ հայ թէ օտար մեծաթիւ արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Քարլա Թիւթիւնճեան, որ ներկայացուց գեղանկարիչ Գրի•որ Նորիկեանի կենսագրութեան հիմնական տուեալները: Ան ըսաւ, թէ Նորիկեան 1976-ին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով գաղթած է Փարիզ եւ 2003-ին վերադարձած Լիբանան: Թիւթիւնճեան յայտնեց, թէ գեղանկարիչը Լիբանանի, Քանատայի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Ամերիկայի մէջ ունեցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ, որոնք արժանացած են ներկաներու գնահատանքին:
Քարլա Թիւթիւնճեան նշեց, թէ Նորիկեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսէն ստացած է «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը՝ առ ի գնահատանք արուեստի մարզին մէջ ունեցած իր մեծ ներդրումին: Թիւթիւնճեան ըսաւ, թէ Նորիկեան ունի շարք մը գեղանկարներ, որոնք կիներու եւ մանուկներու սեւ նայուածքներուն ընդմէջէն կը նկարագրեն ցեղասպանութիւնն ու ցեղասպանութեան ենթարկուողներուն ապրումները:
Ապա խօսք առաւ գեղանկարիչ Գրի•որ Նորիկեան, որ մեծապէս շնորհաւորեց Համազ•այինը՝ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ այս հանդիպումը կազմակերպելուն առիթով: Նորիկեան հաստատեց, թէ այս ցուցահանդէսը լաւագոյն առիթն է լսելու այցելուներուն կեցուածքներն ու կարծիքները իր ստեղծագործութիւններուն մասին:
Ցուցահանդէսին Գրիգոր Նորիկեան ներկայացուցած է 51 ստեղծագործութիւններ, որոնք կը նկարագրեն մարդկութեան տիպարներն ու բազմատեսակ դժուարութիւնները: Նորիկեանի գործերուն հիմնական առանցքն է կինը՝ իր նկարագիրով, յուզումներով, ցաւերով, քնքշութեամբ, սիրոյ զգացումով եւ անբծութեամբ:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 15 Մարտ 2010, Երկուշաբթիէն մինչեւ Շաբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00: