
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Երեքշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Եու. Էս. Ժի.» համալսարանի գրականութեան բաժինի «Փոլիվալանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Վարուժանը ընդդէմ աղէտին» դասախօսութիւնը, որուն ընթացքին ֆրանսահայ յայտնի գրագէտ Գրիգոր Պըլտեան, ֆրանսերէնով ներկայացուց իր խօսքը, ինչպէս նաեւ Վարուժանի խօսքը, մատչելի դարձուց արաբախօս եւ ֆրանսախօս ներկաներուն, յատկապէս համալսարանի գրականութեան ուսանողներուն:
Բացման խօսքը կատարեց համալսարանի գրականութեան բաժանմունքի պատասխանատուն` դոկտ. Քրիսթին Պապիկեան-Ասսաֆ: Ան նախ հայոց լեզուով արտասանեց բարի գալուստի խօսք մը` խորին շնորհակալութիւն յայտնելով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, որ առիթը ստեղծեց այսպիսի հանդիպումի մը, որ շատ շահեկան պիտի ըլլայ գրականութեան բաժանմունքի ուսանողներուն համար:
Դոկտ. Լէյլա Թամրազ` ֆրանսական գրականութեան բաժանմունքի պատասխանատուն, խօսք առնելով անդրադարձաւ Վարուժանի ներկայացման կարեւորութեան` իբրեւ անծանօթ եւ միեւնոյն ժամանակ անշրջանցելի տիպար: Ան ծանօթացուց Պըլտեանը իբրեւ ֆրանսահայ ժամանակակից գրող, հեղինակը «Սեմեր», «Նշան», «Հարուած» եւ այլ գիրքերու, որոնք թարգմանուած են ֆրանսերէնի: