
Շաբաթ 20 Նոյեմբեր 2021-ին, Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ շնորհահանդէս, արեւմտահայ գրականութեան տիտաններէն Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծական գործերէն «Հացին Երգը» հատորի՝ Թաթուլ Սոնենց Փափազեանի կողմէ անգլերէն թարգմանութեան առթիւ։ Միջոցառումը կը հովանաւորէր Գանատայի Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը, կազմակերպութեամբ Գէմպրիճի «Տաթեւ» մասնաճիւղին:
Օրուան բեմավարուհի Նազիկ Հանէշեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Արցախեան պատերազմի նահատակներուն, որմէ ետք իր խօսքին մէջ մատնանշեց հայ գրքի կարեւորութիւնը: Փունջ մը Հայկական ժողովրդային երգերով հանդէս եկաւ Դալար Արզումանեանը՝ ընկերակցութեամբ կիթառահար Համօ Արզումանեանի: «Տաթեւ» մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը փոխանցեց Սալբի Քէլէշեան, որ անդրադարձաւ մասնաճիւղի ծրագիրներուն։
Բեմ հրաւիրուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Վիգէն Թիւֆէնքճեանը, որուն հեռակայ համացանցային կապով միացաւ նաեւ թարգմանիչ Թաթուլ Սոնենց Փափազեան։