
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, Երեքշաբթի, 28 Յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. Եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ: Օրուան դասախօսութեան նիւթն էր «Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոց. Մշակութային ժառանգութիւն եւ հեռանկարներ», զոր ներկայացուց Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի փոխնախագահ փրոֆ. Վաղարշակ Յարութիւնեան:
Ձեռնարկին սկիզբը Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Աշոտ Ճենտերեճեան ներկայացուց դասախօսը, ապա բեմ հրաւիրեց զայն` ներկայացնելու համար օրուան նիւթը: Դասախօսութեան սկիզբը փրոֆ. Յարութիւնեան կեդրոնացաւ հայրենիք-սփիւռք կապերուն կարեւորութեան վրայ. ան ըսաւ, թէ այդ կապերը հետզհետէ կը զարգանան, եւ ասիկա դրական երեւոյթ մըն է երաժշտական մարզի զարգացման եւ բարգաւաճման համար: Ան գնահատեց սփիւռքի, մանաւանդ Լիբանանի աշխուժ գործունէութիւնը եւ շեշտեց, որ հայրենիքի եւ սփիւռքի համագործակցութիւնը աւելի եւս պիտի բարձրացնէ մակարդակը վերոյիշեալ մարզին: Դասախօսը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի իւրայատկութիւններուն` նշելով, որ երաժշտանոցը իր ծրագիրին մէջ կ՛ընդգրկէ պսակաւոր արուեստիցի եւ մագիստրոսի դասարաններ` ի տարբերութիւն համաշխարհային հռչակաւոր երաժշտանոցներու, ուր միայն կը դասաւանդուին զուտ երաժշտական դասընթացքներ: Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը կը դասաւանդէ բոլոր այն նիւթերը, որոնք կը դասաւանդուին սովորական համալսարաններուն մէջ, ինչպէս` երաժշտութեան պատմութիւն, հայոց պատմութիւն, փիլիսոփայութիւն եւ այլն:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: