
Հինգշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասական եւ ժողովրդային երաժշտութեան ունկնդրութեան երեկոյ` կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն եւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին: Երեկոյին ընթացքին ելոյթ ունեցան երաժշտանոցի ուսուցիչներէն Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերեճեան եղբայրները, Լիւսի Չամսարեան, Արեւիկ Գրիգորեան եւ խումբ մը աշակերտներ:
Երաժշտական այս ունկնդրութիւնները տեղի կ՛ունենան ամէն ամիս: Երէկուան ունկնդրութեան երեկոն այս տարուան առաջինն էր: Ունկնդրութեան այս երեկոները կը միտին մասնաւորաբար աշակերտներու ձիրքերու եւ գիտելիքներու զարգացման:
Յայտագիրը բաղկացած էր երկու մասերէ: Առաջին մասին մէջ Սեւակ Զարմենեան կատարեց «Ճինկլ Պելզ»-ը, Նաթաշա Թոփաքեան` «Անուշ» օփերայէն հատուած մը, Վանայ Մարգարեան` «Քոչարի»-ն, Կասիա Լեւոնեան եւ Արի Տագէսեան` «Ճոյ Թու Տը Ուըրլտ», Կայէլ Գրիգորեան` «Եաման Եար», Կարօ Գրիգորեան` Պապաճանեանի «Էլեկիա»-ն, Կրէս Մարտիրոսեան` «Մալակենա»-ն, Սէրուժ Յովսէփեան` Շոփենի «Վալս Սիս Մոլ»-ը, Նարեկ Նաճարեան եւ Սարգիս Հալաճեան` Շնիտկէի «Փասթորալ»-ը, Հենրի Իշխանեան` Հայտընի սոնաթներէն մէկը, Նարօտ Խտըրլարեան եւ Անի Գասպարեան` Շուպըրթի սոնաթներէն մէկը եւ Անդրանիկ Գասպարեան` Շոփենի «Վալս»-ը:
Երկրորդ մասին մէջ Արեւիկ Գրիգորեան կատարեց Վերտիի «Պոլերօ»-ն, Հրակ Տեմիրճեան եւ Նարօտ Սուրճեան` Վիվալտիի «Ատաճիօ»-ն, Մարինէ Հալլաճեան, Լիւսի Չամսարեան եւ Ժան Փոլ Քաթըրճեան` Օրելլիի «Քոնչերթօ Կրոսսօ No 8 տի Նաթալ»-ը, իսկ Արմէն եւ Աշոտ Ճենտերեճեան եղբայրները` Վաժա Ազարաշվիլիի «Սենթիմենթալ Թանկօ»-ն: