
Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան ծրագրումով եւ գրական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ գրող, հրապարակագիր, թարգմանիչ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու դոկտոր Հուրի Ազէզեանի գրական ստեղծագործական 35-ամեայ վաստակին նուիրուած երեկոն, հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, 26 Նոյեմբեր 2021, Ուրբաթ երեկոյեան ժամը 7-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս։
Օրուան բանախօսներն էին գրականագէտ՝ Լալա Միսկարեան Մինասեան, Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան եւ «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Չիլաբոշեան Պօղիկեան։ Օրուան հանդիսավարն էր ընկհ. Մելինէ Պէզճեան։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ժիրայր Կարապետեան, իսկ գեղարուեստական յայտագրով՝ Սոնա Չալօղլեան (ընթերցում «Ով Գեղեցիկ Հայորդի» գրքոյկէն), Թամար Քէօշկէրեան (ընթերցում «Մտածումներու Արձագանգը» հատորէն) եւ Կասիա Պաղտիկեան՝ (մեներգ՝ «Դու Իմ Մուսան ես»)։
Հանդիսութեան աւարտին, վարչութեան ատենապետ Մարալ Տիքպիքեան յատուկ յուշանուէրով պարգեւատրեց Դոկտ. Հուրի Ազէզեանը։ Հուսկ, Դոկտ. Հուրի Ազէզեանի եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր սրտի խօսքերով եւ պահպանիչով փակուեցաւ հանդիսութիւնը։