
Ուրբաթ, 14 Յունիս 2019-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Վահէ Թաշճեանի «Օրագիր եղեռնի ու պայքարի. Շողակաթի մահը Սալամիայի մէջ» գիրքին շնորհահանդէսը: Ձեռնարկը հովանաւորած էր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս եւ կազմակերպած «Ազդակ» օրաթերթը եւ Համազգայինի գիր ու գրականութեան մասնաճիւղը:
Համազգային գիր ու գրականութեան մասնաճիւղին անունով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սրբուկ Ճենանեան: Ան ըսաւ, թէ հակառակ 20-րդ դարու սկիզբին հայ ժողովուրդի ապրած զարհուրելի չարչարանքներուն, որոնք իրենց դաժանութեամբ ու անմարդկայնութեամբ կը ցնցեն ապրող իւրաքանչիւր էակի հոգին, հայը տակաւին կրնայ վաւերական տուեալներով, գիտական ու քննական մօտեցումով արժեւորել ու անմահացնել հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն մութ էջերը` Մեծ եղեռնի պատմութիւնը: Նմանօրինակ աշխատանքի արգասիքն է դոկտ. Վահէ Թաշճեանի «Օրագիր եղեռնի ու պայքարի. Շողակաթի մահը Սալամիայի մէջ» գործը:
Վահէ Թաշճեանի «Օրագիր եղեռնի ու պայքարի. Շողակաթի մահը Սալամիայի մէջ» հատորը ներկայացուց սփիւռքահայ մամուլի աշխատակից, բանասէր Աւօ Գաթրճեանը: Ան ըսաւ, թէ գիրքին հիմնական ենթահողը Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ տարագիրներ Ներսէս քհնյ. Թաւուգճեանի ու Գրիգոր Պողարեանի օրագիրներն են: Հեղինակը իր վերլուծական դատումներով կը փաստէ ո՛չ միայն հայուն ներկայութիւնը Կիլիկիոյ եւ Հայաստանի հողատարածքին, այլ նաեւ կը փաստէ հայուն գոյատեւելու պայքարը, ինքզինք գերազանցելու անխոնջ աշխատանքը, քրիստոնէական հաւատքը պահելու խանդը եւ ազգային դիմագիծը պահպանելու մարմաջը: