
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը նախաձեռնած է, iOS եւ Android գործիքներուն համար, հայերէնով մանկական դաստիարակչական խաղերու պատրաստութեան: Կիրառական (application) ձեւաւորումով այդ խաղերը 3-6 տարեկան մանուկներուն հաճելի եւ դիւրին եղանակով պիտի սորվեց նեն արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն:
Ընթացքի մէջ է այդ խաղերէն առաջինին՝ Լալան ու Արան – Գոյներու Աշխարհ ծրագրի պատրաստութիւնը, զոր յաջողցնելու համար կը դիմենք հայ հանրութեան նիւթական օժանդակութեան։ Մեր թիրախն է 15,000 ամ. տոլար։
Խաղերու մանրամասնութիւնները կարելի է գտնել մեր կայքէջին՝ www.lalanouaran.com-ի վրայ, իսկ ձեր նուիրատուութիւնները կ'ընդունինք առցանց՝ https://www.kickstarter.com/projects/lalanouaran/lala-and-ara-world-of-colors հասցէին:
Վստահ ենք, որ անդրադառնալով այս գործին կարեւորութեան, ձեր շօշափելի մասնակցութիւնը պիտի բերէք Համազգայինի այս նախաձեռնութեան: Ձեր նուիրատուութիւնները կարեւոր ներդրում մը պիտի հանդիսանան հայ մանուկներու ինքնութեան կերտումի գործին մէջ:
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւն
16 Փետրուար 2015