
Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, 7 Յունիս 2022-ին Հայաստանի նկարիչներու միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած գեղանկարիչ եւ քանդակագործ հերոսներու ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը, ինչպէս նաեւ նոյն ստեղծագործութիւնները ներկայացնող, «Ես եմ, ես կա՛մ» խորագիրով պատկերագիրքի շնորհահանդէսը:
Ցուցահանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախագահ Սուրէն Սաֆարեան:
Ներկաներուն ուղղուած իր սրտի խօսքը արտասանեց Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան, որ անձամբ ստանձնած է տղոց անուններու փնտռտուքը` կապ հաստատելով Հայաստանի տարբեր ուսումնական հաստատութիւններու, հերոսներու հարազատներուն հետ` հաւաքագրելով ստեղծագործական աշխատանքները: