
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Ռուբէն Զարդարեան» մասնաճիւղին, Շաբաթ, 29 մարտ 2008-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազատամարտ» ակումբի «Ժաք Չուխատարեան» սրահին մէջ Համազգայինի հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ՝ ներկայութեամբ մեծաթիւ մշակութասէրներու:
Ձեռնարկին բացման խօսքը «Ռ. Զարդարեան» մասնաճիւղին անունով արտասանեց Յարութ Վարժապետեան, որ ըսաւ, թէ Համազգայինի 80-ամեակն ու մասնաճիւղի հիմնադրութեան 55-ամեակը լաւագոյն առիթներն են գաղութին մէջ ստեղծելու մշակութային աշխուժ մթնոլորտ, որուն իբրեւ արդիւնք կարելի կþըլլայ պահպանել Համազգայինի մեծ առաքելութեան շարունակականութիւնը:
Վարժապետեան նշեց, որ 6-րդ անգամն ըլլալով կը կազմակերպուի երաժշտական երեկոն, որ կը միտի քաջալերել հայ աշեկերտները:
Ապա խօսք առաւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլէճի տնօրէն Արմէն Քեչեկ, որ հաստատեց, թէ այս նախաձեռնութեան յաջողութիւնը կը կայանայ ձեռնարկին հետեւողականութեան մէջ՝ շեշտելով, որ «Ռ. Զարդարեան» մասնաճիւղը հայ երաժշտութեան տարածման մէջ ունի իր գործուն դերը:
Ապա երաժշտական երեկոն սկսաւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլէճի կիթառահարներու համոյթին ելոյթով. խումբը նուագեց «Ռոմանս» եւ «Մալակինա» ստեղծագործութիւնները:
Ապա բեմ բարձրացան 26 հայ աշակերտներ, որոնք դաշնամուրով, ջութակով, ֆլիւթով ու այլ գործիքներով հանրութեան ներկայացուցին հայ թէ օտար հեղինակներէ երաժշտական գործեր:
Երաժշտական երեկոյի աւարտին բեմ բարձրացան «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլէճի երեք աշակերտներ, որոնք տհոլներով նուագեցին երաժշտական կտորներ:
Համազգայինի «Ռ. Զարդարեան» մասնաճիւղի աւանդական այս նախաձեռնութիւնը հայ աշակերտութեան կը տրամադրէ բեմ, ուրկէ կարելի է բացայայտել բազմաթիւ տաղանդաւորներ