
«Երբ գրողը կը զգայ տաղանդաւոր մարդու շունչը, նա աւելի առաջ է գնում։»
Մոնրէալէն քիչ հեռու՝ Վալ-Դաւիթ շրջանը հակիրճ ժամանակի մը համար այցելած է հայրենի արձակագիր, թարգմանիչ, Երեւանի Պրուսովի անուան պետական լեզուաբանական համալսարանի փրոֆէսոր, բանասիրական գիտութիւններու դոկտ. ՝Տիանա Համբարձումեան. ան հրաւիրուած է իբր գրողներու միջազգային «գրող-բնակիչ» ծրագրին մասնակից։
Այս պատեհ առիթը օգտագործելով, Մոնրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ կազմակերպուեցան զրոյցներ, Հայաստանի մէջ հայ գրականութեան ներկայ իրավիճակին մասին։ Մոնրէալի պարագային ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 23 Յուլիսին, կազմակերպութեամբ՝ Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան եւ Հորիզոն Գրականի։ Թորոնթոյի մէջ ձեռնարկը կազմակերպեց Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը։
Հազուագիւտ երեւոյթ է Թորոնթոյի մէջ Երկուշաբթի օրով ձեռնարկ կազմակերպելը, թէկուզ այդ ըլլայ մտերմիկ գրական երեկոյթ մը։ Թիւով վաթսունի շուրջ գրասէրներ, գրողներ, ներկայութեամբ՝ Տէր Կոմիտաս Աւագ Քհնյ. Փանոսեանի, 28 Յուլիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին հաւաքուած էին Հայ Կեդրոնի «Յարութիւն Մանուկեան» գրադարանին մէջ՝ ունկնդրելու դոկտ. Համբարձումեանը։
Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան կողմէ խօսք առաւ Թամար Տօնապետեան Գուզուեան. ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց զեկուցաբերը, ապա խօսքը փոխանցեց անոր։
Դոկտ. Համբարձումեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, ապա լուսարձակը դարձուց նախ՝ իր գրական-ստեղծագործական աշխարհին եւ անձնական նուաճումներուն վրայ։ Հայրը, Սիւնիքի մարզին մէջ, Զանգեզուրի լեռնաշղթային արեւելեան լանջին՝ Քաջարան քաղաքէն է, իսկ մայրը՝ Թիֆլիսէն։ Հայրը օրագրեր կը գրէր. տան մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէր գրադարանը, հետեւաբար ան գրականութեամբ շրջապատուած է փոքր տարիքէն։
Դոկտ. Համբարձումեան պատանի տարիքէն հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է գրականութեան հանդէպ եւ գերազանգութեամբ ամբողջացուցած է երկրորդական ուսման տարիները։ Հետագային, գերազանցութեամբ ընդունուած եւ աւարտած է Երեւանի Բրուսովի անուան պետական լեզուաբանական համալսարանը, ուր երեսուն տարիներէ ի վեր կը դասաւանդէ իբր անգլերէն լեզուի եւ թարգմանութեան փրոֆէսոր։ Ամուսնացած է. ունի երկու զաւակ եւ երկու թոռ։ Փոքր տարիքին գրել սկսած է. գրութիւնները հրատարակուած են Գարուն ամսագրին եւ շարք մը այլ գրական մամուլներու մէջ։ Հեղինակ է յիսունէ աւելի յօդուածներու, թարգմանութեան յատուկ դասագիրքերու, պատմուածքներու եւ 18 գիրքերու, որոնցմէ են «Աստղակաթը», «Այրուած կամուրջների վրայով» (հիմնուած՝ հայ-ազերի յարաբերութիւններուն վրայ), «Նոյի թուի դարդ ու ցաւ», «Աստծոյ բնակեցրած երկրում», «Դուռը թակում են», եւայլն։ «Աստծոյ բնակեցրած երկրում» վէպը արժանացած է «Հայը 21-րդ դարասկիզբին» մրցոյթի մրցանակին։ Ունի նաեւ բազմաթիւ թարգմանութիւններ, օրինակ՝ ամերիկեան ժամանակակից աշխարհահռչակ գրող՝ Քըրթ Վոննէկութի Կապտամօրուսը վէպը։ Բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճանի աշխատութեան նիւթը կազմած է 19-րդ դարու անգլիացի հռչակաւոր բանաստեղծ՝ Բըրսի Շէլի։ Տիանա Համբարձումեան 2007 թուականին արժանացած է դոկտ. աստիճանին. հետազօտութիւնը հիմնուած է Ուիլիըմ Ֆոլքնըրի գրականութեան հայերէն թարգմանութեան լեզուաոճական յատկութիւններուն ուսումնասիրութեան վրայ։ Պատմուածքները թարգմանուած են 13 լեզուներու. Top 10 stories անգլերէն-հայերէն երկլեզու գիրքին թարգմանական աշխատանքը կատարած են իր նախկին ուսանողները, ինչ որ անկասկած մեծ գոհունակութիւն կը պարգեւէ հեղինակին։ 2004-էն ի վեր, Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ է։
Երբ հարց տուինք դոկտ. Համբարձումեանի, թէ նկատի առնելով իր կեանքը իբր դոկտ. փրոֆէսոր եւ իբր արձակագիր-թարգմանող, ի՞նչն է որ կը նախընտրէ, պատասխանը չզարմացուց մեզ։ Պարզապէս, «գրելը կեանքս է» կը բացատրէ Համբարձումեան, իբր փրոֆէսոր աշխատիլը՝ ապրուստի ճամբայ։
Համբարձումեանի ստեղծագործական երկերուն հիմը կը կազմէ մարդը. հայ եւ օտար գրականութիւնը, ինչպէս նաեւ կեանքը իր ելեւէջներով մեծ ազդեցութիւն ունեցած են գրողին վրայ։ Հայաստանի ներկայ իրավիճակը, տնտեսական մտահոգիչ կացութիւնը, անարդարութիւնը, եղծումը, արտագաղթը նիւթեր են, որոնք տեղ գտած են իր գիրքերուն եւ պատմուածքներուն մէջ։
Անդրադառնալով ժամանակակից հայ գրողներու, Համբարձումեան մեծ գոհունակութիւն կը զգայ Լեւոն Խեչոյեանի ու Հրանդ Մաթեւոսեանի նման գրողներու գրական ներկայութիւնը վայելած ըլլալուն համար։ Գրողներու շարքին ան կը նշէ նաեւ Գուրգէն Խանջեանի անունը, իր նշանաւոր «Հիւանդանոց» վէպը, որ ֆիլմի վերածուած է. նաեւ՝ արձակագիր, թարգմանիչ Ռուբէն Յովսէփեանը։ Գոհունակութիւն կը զգայ նաեւ երբ իր հրատարակած գիրքերը կը վաճառուին. ան ամենայն անկեղծութեամբ կ'արտայայտուի ըսելով, որ այն գրողներէն չէ, որոնք կը գրեն, եթէ նոյնիսկ կարդացող չունենան։ «Ես ընթերցող չունենամ, չեմ գրի»,- կ'ըսէ ան։ Թէեւ, ըստ Համբարձումեանի, տարիներու ընթացքին իր ստեղծագործութիւնները գրելաոճի փոփոխութիւններու ենթարկուած են. սա բնական է, սակայն գործերուն հիմքը միշտ կազմած է մարդը՝ իր շրջապատով. մուրացիկը, զինուորը, անիրաւուածը...։ Իննիսունական տարիներու ընթացքին, Հայաստանի տագնապալից օրերը ի հարկէ իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են երկրին բոլոր խաւերուն վրայ։
Գալով երիտասարդ գրողներուն, կան տաղանդաւոր գրողներ այսօր, Հայաստանի մէջ, որոնք կը գրեն զիրենք յուզող նիւթերու մասին. բնական է որ որեւէ ստեղծագործող անպայմանօրէն կը զգայ իր միջավայրին ունեցած ազդեցութիւնը։ Անուններու շարքին մէջ կը յիշէ Արամ Պաչեան (Ծիտը), Հրաչ Սարիբէկեան (Երկուորեակների արեւը), Յուսիկ Արա...։ Սակայն գրողներուն պէտք է նեցուկ կանգնի պետութիւնը, կ'ըսէ Համբարձումեան։ Գրողը իր գիրքը հրատարակելու համար կրնայ դիմել պետական նպաստի, սակայն, անոր փոխարէն կը ստանայ իր հրատարակած գիրքէն երկու օրինակ. պատահած է որ յաւելեալ օրինակներու համար ինք անձամբ վճարած է։ Թարգմանական աշխատանքին անդրադառնալով, այլ անուններու կողքին, կը նշէ Սամուէլ Մկրտչեանի եւ Լիլիթ Գալստեանի անունները։
Հետաքրքրական էր լսել «գրական գործակալութիւն» կազմակերպութեան մասին, որուն հիմնադիրը իր նախկին աշակերտներէն է։ Գրողը երբ գիրք կը հրատարակէ, այդ գիրքը պէտք է ճանաչում գտնէ ոչ միայն իր անմիջական միջավայրին մէջ, այլ արտասահմանի մէջ եւ եթէ այս գործակալութիւնը այդ առիթները կ'որոնէ գիրք մը հանրաճանաչ դարձնելու համար, ուրեմն գրողի մը ուսերէն մտահոգութիւն մը կը նուազի այս պարագային։ Գիրք հրատարակելը մէկ բան, իսկ տարածելը՝ այլ։ Երկու պարագաներուն ալ, ըստ Համբարձումեանի՝ հայ գրողին պէտք է նեցուկ կանգնի պետութիւնը։
Երբ հարց տրուեցաւ, թէ ինչո՞ւ սփիւռքահայ գրողներու մասին խօսք չկայ այս ելոյթին, Դոկտ. Համբարձումեան կը պատասխանէ թէ ինք սփիւռքահայ գրողներու ծանօթ է եւ կրնայ խօսիլ այդ մասին, սակայն նիւթը Հայաստանի մէջ հայ գրականութեան իրավիճակին մասին է. ապա գովասանքով կ'արտայայտուի պոլսահայ բանաստեղծ՝ Զահրատին մասին, կը նշէ Յակոբ Խաչիկեանի անունը։
Դոկտ. Տիանա Համբարձումեանի Գանատա այցելութիւնը երկրորդ մասնակցութիւնն է միջազգային «գրող-բնակիչ» ծրագրին. առաջինը՝ Վիեննայի մէջ էր, ուր ան մնաց երկու ամիս 2011-ին։ 2015-ի մարտ ամսուն ան հրաւիրուած է Միւնիխ՝ Գերմանիա լոյս տեսած «Հեռագիր ֆաթիմային» գրքի գերմաներէն թարգմանութեան առթիւ։ Դոկտ. Համբարձումեան իր զեկոյցը կ'աւարտէ «Դուռը թակում են» վէպի վերջաւորութենէն հատուածներ ընթերցելով։ Ապա, Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան կողմէ Թամար Տօնապետեան Վազգէն Շուշանեանի «Ալեկոծ տարիներ» գիրքէն օրինակ մը կը նուիրէ իրեն. «Ալեկոծ տարիներ»ը Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան «Օշական» մատենաշարի անդրանիկ հրատարակութիւնն է։
Հայ գրականութեան ներկայ իրավիճակին մասին կարելի էր շատ աւելին խօսիլ. անդրադառնալ հաւանաբար, թէ այսօրուան իրականութեան մէջ, հայ գրողը ինչպէ՞ս կը համեմատի անցեալ գրողներու հետ, ի՞նչ չափանիշներով կարելի է արժեւորել հայ գրողը այսօր. լեզուն ի՞նչ փոփոխութիւններ կրած է, գրելաոճը ինչպէ՞ս կը տարբերի, արձակ թէ չափածոյ՝ ի՞նչ ազդեցութիւն կրած է հայ գրականութիւնը իր շրջապատէն, ի՞նչ շրջանէ կ'անցնի այսօր ու վերջապէս, օտար գրականութիւնը հայերէնի թարգմանելը շատ բարի, սակայն ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս ընել որ հայ գրականութիւնը օտար միջավայրերու մէջ ճանաչում գտնէ եւ ինչո՞ւ ոչ հայ գրողը ըլլայ համաշխարհային մրցանակներու տիրացողը...։
Թամար Տօնապետեան-Գուզուեան