
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, Երկուշաբթի, 16 Մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երեւանեան վերնիսաժ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին բացումը:
Հաւաքական ցուցահանդէսին ներկայացուած են գործերէն այն արուեստագէտներուն, որոնք Երեւանի նշանաւոր վերնիսաժին մէջ իրենց ստեղծագործութիւնները կը ցուցադրեն ու կը վաճառեն: Սրահին պատերը զարդարուած են Մելիք Ղազարեանի, Մովսէս Պետրոսեանի, Ալեք Ալեքեանի, Հենրիկ Աւագեանի, Համլեթ Արշակեանի, Վրէժ Թամազեանի, Գուրգէն Գադազիկի եւ Վիգէն Ստեփանեանի պաստառներով, որոնց մէջ արտայայտուած են տարբեր նիւթեր եւ պատկերներ, ինչպէս` դէմքեր, բնութեան տարբեր դրսեւորումներ, զգացումներ, եղանակներ, եւայլն:
Սրահի մուտքին կը վաճառուին ձայնասկաւառակները Արմէն Դարբինեանի եւ Աննա Խաչատրեանի:
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ Չորեքշաբթի, 18 Մայիս, ժամը 6:00-էն 9:00: