Հայաստան

Երեւանի պետական համալսարանին մէջ 8 Հոկտեմբեր 2019-ին Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) միացեալ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Մուշեղ Իշխանին նուիրուած միջազգային գիտաժողովը:
Գիտաժողովի բացումին մասնակցեցան ԵՊՀ տնօրէն Գեղամ Գէորգեան, Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Ն. Խաչատուրեան, Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան, շարք մը յայտնի գիտնականներ, գրականագէտներ, Լիբանանէն հիւրեր, որոնց շարքին` Մուշեղ Իշխանի աշակերտները, ուսանողներ եւ այլք: