
Հինգշաբթի, 15 Սեպտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի կազմակերպած երիտասարդ նկարիչներու գործերու ցուցահանդէսը։ Ցուցահանդէսին իրենց գործերով մասնակցեցան` Ալիք Աշգարեան, Փաթիլ Թասլաքեան, Լոռի Գառնէշեան, Լիսա Յովսէփեան, Լոռի Պագալեան, Քրիսդէլ Սապունճեան, Սարիա Սգայեան, Մարիա Քէօֆթէեան, Մարկօ Զէյթունեան, Շաղիկ Պէրպէրեան, Բալիկ Գարայեան, Յասմիկ Այնթապլեան, Ռուպի Պետրոսեան, Սեւատա Անտոնեան, Վարանդ Մեթլեան եւ Պարոյր Ղուկասեան։
Ցուցահանդէսին բացումը կատարեց օրուան բանախօս, ծագումով այնճարցի` գանատահայ արուեստագէտ Յակոբ Ճամպազեան։
Բացման խօսքը կատարեց արուեստագէտ Գօգօ Կարապետ: Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց Յակոբ Ճամպազեանի կեանքն ու գործը։ Ապա Յ. Ճամպազեան խօսք առնելով բարձր գնահատեց «Պ.Սեւակ» մասնաճիւղի նախաձեռնութիւնը, շնորհաւորեց երիտասարդ նկարիչներն ու նկարչուհիները, մաղթելով անոնց փայլուն ապագայ, թելադրելով որ չընկրկին դժուարութիւններու դիմաց, որովհետեւ հարթ չէ արուեստի ճանապարհը։
Բանախօսը եւ Համազգայինի վարչութիւնը փոխանակեցին յուշանուէրներ, ապա ներկաները դիտեցին, ըմբոշխնեցին ու գնահատեցին ցուցադրուած գեղանկարները։