
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ գործակցութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին եւ «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին,Շաբաթ, 6 Նոյեմբեր 2010-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ «Երկու աստղ» երգի անդրանիկ մրցումի բացման հանդիսութիւնը։ Ձեռնարկը իրագործուած էր Վիգէն Ստեփանեանի հսկողութեամբ։
Մրցումին բեմավարներն էին Վանան Մանճիկեան եւ Կարօ Անտոնեան։ Բացման հանդիսութեան ընթացքին անոնք շեշտեցին, որ այս մրցումը կը միտի մասնակիցներուն միջեւ ստեղծել մրցակցութեան առողջ մթնոլորտ եւ քաջալերել երիտասարդ տարրերը, որպէսզի իրենք բացայայտեն իրենց ձիրքերը։
«Երկու աստղ»ին իրենց մասնակցութիւնը բերին եօթը զոյգ երգիչներ ու երգարուեստը սիրող երգող երիտասարդներ, որոնք ստեղծեցին մեծ խանդավառութիւն։ Մասնակից զոյգերն են՝ Լիզա Սվաճեան եւ Վարդան Ազնաւուրեան, Գարմէն Աճեմեան եւ Կարօ Ակոբեան, Կարօ Կապուտակեան եւ Մարալ Ղարիպեան, Հրաչ Կայծակեան եւ Լուսին Տեմիրճեան, Ճոնի Կէօքճեան եւ Դալար Խաչատուրեան, Յովիկ Քէօշկերեան եւ Իվոն Այվազեան եւ Շաքէ Պաղտասարեան եւ Րաֆֆի Տիշչեքենեան։
Մասնակից զոյգերուն ընկերակցեցաւ «Աղթամար» նուագախումբը՝ ղեկավարութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի։ Նուագախումբին մաս կը կազմեն Ալեք Թիրճանեան (ստեղնաշար), Կարօ Պասմաճեան (պէյս կիթառ), Գառնիկ Պաղտասարեան (սոլօ կիթառ) եւ Գօգօ Եալմեան (հարուածային գործիքներ)։
Մրցումին դատական կազմին անդամներն են՝ Արմէն Քեչեկ, Կարօ Աւեսեան, Ֆելիքս Յարութիւնեան, Վարդան Մկրտիչեան եւ Նոնա Մանոյեան։
Բարի գալուստի խօսքէն ետք, իւրաքանչիւր երգիչ նախ երգեց իր նախասիրած երգերէն մէկը, ապա տեղի ունեցաւ զուգերգ՝ երկրորդ մասնակիցին ընկերակցութեամբ։ Երգերու բնորոշ ընտրութիւնը, երգերու յատուկ թեմաները եւ երգողներու կատարումները ստեղծեցին մեծ խանդավառութիւն եւ արժանացան ներկաներու ջերմ գնահատանքին։
Կիրակի, 7 Նոյեմբեր 2010-ին, տեղի ունեցաւ «Երկու աստղ» երգի մրցումին առաջին հանգրուանը, որուն ընթացքին դատական կազմին գնահատումով մասնակիցներէն երկու զոյգ դուրս մնաց մրցումէն։ Ուրբաթ, 12 եւ Կիրակի, 14 Նոյեմբեր 2010-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի պիտի ունենան մրցումին երկրորդ եւ աւարտական հանգրուանները։