Եւրոպա

«Եւրոպայի հայ աշակերտները՝ Արցախի մանուկներուն կողքին» ծրագիրը Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Եւրոպայի շրջանի նախաձեռնութիւնն է: Ան կը ծաւալի «Europeans for Artsakh» 1-ի ծիրէն ներս եւ ուղղուած է Եւրոպայի հայկական ամենօրեայ եւ միօրեայ բոլոր դպրոցներու աշակերտներուն: Նպատակն է Եւրոպայի հայ աշակերտներուն առիթ ընծայել իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու Արցախի մանուկներուն՝ գծագրութիւններով, ձեռային աշխատանքներով եւ տեսերիզներով: