
Չորեքշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, Մոնթրէալի Պոլսահայ Միութեան Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ, նուիրուած՝ բանաստեղծ Զահրատի ծննդեան 90 ամեակին։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Պոլսահայ Միութեան «ՄԷԿ» Մշակութային յանձնախումբին եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Սանահին» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին
կողմէ։
Ձեռնարկին բացումը կատարեց օրուան հանդիսավար Թագուհի Փափազեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ան բեմ հրաւիրեց Զարուհի Էլակէօզը, որ ներկաներուն հետ բաժնեց դրուագ մը բանաստեղծին կեանքէն։ Անահիտ Պալեան ասմունքեց բանաստեղծին գործերէն՝ «Մեսրոպաբոյր» եւ «Կոմիտաս», իսկ Իրմա Աշըճեան՝ «Հանդէս» եւ «Մինչեւ Գանատա» կտորները։
Պոսահայ Միութեան «ՄԷԿ» Մշակութային յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Իրմա Մերաքեան ներկայացուց օրուան բանախօսը՝ գիտնական, թատերագիր, բանաստեղծ, գրաքննադատ, բեմադրիչ, դերասան, թարգմանիչ եւ դաստիարակ Տոքթ. Հրանդ Մարգարեան, որ յատկապէս հրաւիրուած էր Նիու Ճըրզիէն։
Տոքթ. Մարգարեան power point-ի միջոցաւ յաջողեցաւ ներկաներուն փոխանցել բանաստեղծին ներաշխարհը։ Զահրատի հակիրճ կենսագրականը ներկայացնելէ ետք, ներկաները վայելեցին տարբեր տարիներու ընթացքին գրուած բանաստեղծութիւններուն խոր վերլուծականները, տիպարներու ընտրութեան հմտութիւնը, կեանքի եւ «Ես»ի հանդէպ ունեցած իր մեկնաբանութիւնը, բառի եւ թիւի խաղերը եւ ընդհանրապէս իր իւրայատուկ ոճը, որ միաժամանակ պարզ է եւ խորունկ։
Աւարտին, փակման խօսքը կատարեց Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Սանահին» մասնաճիւղի ատենապետուհի Թամար Շահինեան. ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան բանախօսին՝ իր խորաթափանց վերլուծումին համար, Պոլսահայ Միութեան «Մէկ» Մշակութային Միութեան՝ իրենց սիրալիր գործակցութեան համար եւ վերջապէս՝ 100-է աւելի գրասէր ներկաներուն, որոնց գոհունակութեան արձագանգները կը լսուէին ձեռնարկի աւարտին պատրաստուած սուրճի եւ հիւրասիրութեան սեղանին շուրջ։