Եւրոպա

Կիրակի, 21 Ապրիլ 2019-ին, Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղը տօնեց Զատիկը աւանդական դարձած ճաշով:
Հարիւրէ աւելի մեծեր ու փոքրեր մասնակցեցան ճաշկերոյթին, որ ընթացաւ հայկական հարազատ մթնոլորտի մէջ:
Տեղի ունեցան հաւկթախաղ, վիճակահանութիւն, խմբային երգեր եւ անակնկալներ: Պատանիներէ կազմուած թատերական խումբ մը, որ յատուկ հրաւիրուած էր ճաշկերոյթին, ներկայացուց Յովհաննէս Թումանեանի պատմուածքներէն մէկը՝ անոր ծննդեան 150-ամեակին առիթով: