
Փարիզի Տիամանթէր ճաշարանին մէջ, Կիրակի, 30 Մարտին, տեղի ունեցաւ Ս. Զատկուան տօնին առիթով ճաշկերոյթը, որ կազմակերպուած էր Փարիզի Համազգայինի Վարչութեան կողմէ: Նախորդ տարիներու արձանագրած յաջողութենէն եւ այժմ աւանդութիւն դարձած Զատկուան այս ընկերային ձեռնարկին ներկայ էին աւելի քան 100 մտերիմներ, որոնք գնահատելով վարչութեան մշակութային, գեղարուեստական կամ ընկերային ծրագիրները, ոչ միայն ներկայ եղան, այլ նաեւ իրենց մասնակցութիւնն ու օժանդակութիւնը բերին սոյն ճաշկերոյթին:
Օրուան բացման խօսքը եւ Զատկուան պատգամը փոխանցեց միութեան ատենապետուհի ընկհ. Հուրիկ Պաղտասարեան. ան անդրադարձաւ Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդին մասին եւ բացատրեց Հայ Զատկուան իմաստը, որ կը նշանակէ զատում, զատուիլ մեղքերէ եւ արժանանալ յաւիտենական կեանքի` շնորհիւ Յիսուս Քրիստոսի: Ան շեշտեց նաեւ այսօրուան սփիւռքահայ հեւ ի հեւ կեանքի ընթացքին պահակի դերի կարեւորութիւնը Համազգայինին, որ պարտք կը զգայ սփիւռքի մէջ պաշտպանելու ոչ միայն լեզուն ու մշակոյթը, այլ նաեւ մեր աւանդութիւնները:
Այս առիթով ատենապետուհին շնորհաւորեց բոլոր ներկայ Յարութիւններուն անուանակոչութիւնը, ապա հրաւիրեց Մխիթարեան Միաբանութենէն Տէր Յարութիւն Պզտիկեանը, որպէսզի օրհնէ ճաշի սեղանը:
Ներկաներուն տրամադրութիւնը բարձրացաւ աւանդական հաւկթախաղով, որ խնամքով պատրաստուած էր վարչութեան անդամներուն կողմէ, եւ վիճակահանութեան տոմսերը սպառեցան շատ արագ:
Բազմաթիւ որակաւոր նուէրներու կողքին, գլխաւոր նուէրն էր Փարիզ-Վընիզ ճամբորդութեան տոմսակ, որ սիրայօժար նուիրուած էր Եղբ. Լեւոն Պաղտասարեանի կողմէ:
Երգն ու պարը իրարու յաջորդեցին, ներկաները անակնկալ կերպով ու սրտաբուխ շէնցուցին մթնոլորտը շարունակաբար հրամցնելով ծանօթ կամ թաքուն իրենց այլազան տաղանդները:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն Եղբայր Հրաչ Սիսեռեան իր անոյշ ձայնով անգամ մը եւս եկաւ երգին տիրապետելու՝ ծափահարութիւններ խլելով, ապա Վարչութեան նախաձեռնութիւնը գնահատելու նպատակաւ Համազգայինի նուիրեց 1000 Եւրո:
Բարձրախօսը անցաւ շնորհալի Տիկ. Մարինա Գաբրիէլեանին, որ բացառիկ կերպով ասմունքեց Սայաթ Նովայի բանաստեղծութիւններէն մի քանին՝ ներկաներուն պարգեւելով ըմբոշխնելի վայրկեաններ: Այսօր ֆրանսահայ գաղութը պէտք է ուրախ ըլլայ իր մէջ ունենալու այսպիսի ուժ մը. Համազգայինի Մշակութային Միութիւնը մօտ ապագային ելոյթով մը կը ծրագրէ տաղանդաւոր ասմունքողը ծանօթացնել հանրութեան:
Անակնկալ ու հաճելի էր նաեւ Պրն. Մըկըր Օսկեանի յայտնութիւնը, որ իր ուրախ երգերով առաւել եւս ճոխացուց մթնոլորտը:
Ներկաները դժուար բաժնուեցան ճաշասրահէն եւ մեկնեցան հայկական աւանդութիւններով նորոգուած, քաջ գիտնալով որ այսօր փարիզահայութեան եւ մանաւանդ երիտասարդութեան համար անհրաժեշտութիւն է Համազգայինի առաքելութեան ու դերակատարութեան յարատեւութիւնը: