
Երկուշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2015-ին, 80է աւելի արուեստասէրներ հաւաքուած էին Փարիզի Հայ Մշակոյթի Տան «Տէմիրեան» սրահին մէջ, դիտելու պատմաբան Արմէն-Գլօտ Մութաֆեանի հօր՝ գեղանկարիչ Զարեհ Մութաֆեանին (1907-1980) նուիրուած Արթօ Փեհլիվանեանի «Նկարել Ցեղասպանութենէն ետք» (Peindre après le Génocide) խորագրեալ ժապաւէնը:
Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկին սկիզբը ներածական խօսքով հանդէս եկաւ Արմէն Մութաֆեան եւ պատմեց, թէ երբ անցեալ Մայիսին - Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչումներու ծիրէն ներս - մայրաքաղաքի 5րդ թաղամասին մէջ կը ներկայացուէր իր հօր գեղանկարչական ցուցահանդէսը, ինք Արթօ Փեհլիվանեանէն խնդրած էր պարզապէս նկարել ցուցադրուած պաստառները, պատկերներն ու տեսարանները…։ Բեմադիրը դիտելով արուեստագէտին ստեղծագործութիւնները հետզհետէ խորացած էր այդ գործին մէջ, որովհետեւ անդրադարձած էր թէ նկարիչը իր կեանքի իւրաքանչիւր հանգրուանին ամէն անգամ նոր ոճով եւ նոր գոյներով արտայայտած էր իր ապրումներն ու զգացումները, «որոնք այնքա՜ն խօսուն կը պատկերէին փոքր տարիքէն որբացած Մութաֆեանի ներաշխարհը, ուր կարծէք թաքնուած էր աստանդական ժողովուրդի մը ամբողջ պատմութիւնը»,- դիտել տուաւ Ա. Փեհլիվանեան։
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ մէկ ժամ տեւողութեամբ ժապաւէնը, ուր իւրաքանչիւր պատկեր կամ դիմանկար համեմուած էր պատշաճ երաժշտութեամբ եւ Արմէն Մութաֆեանի համապատասխան մեկնաբանութեամբ։
Զարեհ Մութաֆեան ծնած է Սեւ Ծովու ափերուն՝ Սամսուն։ Ութ տարեկանին ինքզինք գտած է իր ամբողջ ընտանիքին դիակներուն առջեւ, որոնք 1915ի Ցեղասպանութեան ժամանակ զոհուած ու սպանդի ենթարկուած էին։ Իր մանկութիւնը կ՚անցընէ որբանոցներուն մէջ եւ կ՚ապրի թափառական կեանք մը։ Յունաստանէն կ՚անցնի Իտալիա, ուր Միլանոյի Գեղարուեստի Ակադեմիային մէջ (Beaux-Arts) կը կատարելագործուի արուեստի ասպարէզին մէջ։ Այնուհետեւ կը հանգրուանէ Զուիցերիա եւ վերջապէս կը հաստատուի Փարիզ, ուր շուտով ընդգրկուելով այն օրերու մտաւորական շրջանակին մէջ, նկարչութեան զուգահեռ կը նուիրուի նաեւ գրականութեան։ Կը ներկայացնէ բազմաթիւ ցուցահանդէսներ, որոնք մեծապէս կը գնահատուին արուեստի մարդոց կողմէ։ 40 տարիներու ընթացքին Զարեհ Մութաֆեան ճանչցուած է թէ՛ իբրեւ հայ մտաւորական եւ թէ իբրեւ ֆրանսացի արուեստագէտ. յաջողած է գերազանցել իր վիրացաւը՝ խորանալով եւրոպական մշակոյթի մէջ, միաժամանակ պահպանելով իր արեւելեան ոգին. ան կը հանդիսանայ Ցեղասպանութեան խորհրդանիշ մը։ Այս նիւթին վերաբերեալ յիշատակի ցուցահանդէս մը կազմակերպած է 1965ին, Մեծ Եղեռնի 50ամեակին առիթով։ Հայերէնով մտածող արուեստագէտը ներշնչուած է իտալացի դասական մեծերու գործերէն, ֆրանսացի հիասքանչ գունանկարիչներէն (coloristes), տպաւորապաշտներէն եւ ապա՝ Պոնարէն եւ Մաթիսէն։ Ան բացի Եւրոպայի եւ աւելի ուշ Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններէն, ցուցահանդէսներ ունեցած է նաեւ խորհրդային Հայաստանի մէջ (1967ին եւ 1971ին)։
Էապէս խորհրդանշական պատկերներ գծած արուեստագէտը ծանօթ է իր դիմանկարներով, ծովանկարներով եւ գունաւոր տեսարաններով։ «Վերապրողներ» թեման միշտ հետապնդած է զինք իր կեանքի տարբեր հանգրուաններուն, շատ քիչ անգամ ուղղակի անդրադառնալով Ցեղասպանութեան նիւթին, որուն նկատմամբ զուսպ վերաբերում ունեցած է։
Զարեհ Մութաֆեանի կեանքին ու գործին նուիրուած այս ժապաւէնը կը պարունակէր նաեւ փաստաթուղթեր, լուսանկարներ եւ այս ամէնը դիտուած՝ Արթօ Փեհլիվանեան մասնագէտին ոսպնեակով…։
Յատկանշական ցուցադրութիւն մը եւ արուեստի գեղեցիկ երեկոյթ մը։
Սրահի մուտքին ներկաներու տրամադրութեան տակ դրուած էին նաեւ այս ֆիլմին խտասալիկները։