
Հայ մշակոյթի բնագաւառին մէջ առանցքային դեր ունի հայ երգը: Դարեր շարունակ ան ազնուացուցած է, ոգեշնչած ու լիցքաւորած տարբեր սերունդներու պատկանող հայորդիներուն հոգիները: Անշուշտ կասկածէ վեր է, որ հայոց լեզուն անաղարտ պահելու եւ հայապահպանման նուիրական առաքելութեան մէջ հայ երաժշտութեան վերապահուած է յատուկ կարեւորութիւն: Մենք շատ բան կը պարտինք այն երախտարժան երաժշտահաններուն, յօրինողներուն, աշուղներուն, երգչախումբերուն եւ հայ երգը հարազատ մեկնաբանողներուն, որոնք հայ մշակոյթի ջահը վառ պահեցին եւ զայն փոխանցեցին մինչեւ օրս: Այս աշխատանքը արդիւնք է այն խոր համոզումին, որուն հաւատացած են արուեստի գանձարանին մէջ իրենց անմնացորդ լուման ներդրած հաւատաւոր հոյլ մը արուեստասէրները:
Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակի ձեռնարկները իրենց տարողութեամբ ուղղակի պատգամներ են հայ ժողովուրդին` տէր կանգնելու հայ մշակոյթին եւ իբրեւ աւանդ փոխանցելու զայն յաջորդող սերունդներուն: Այս առումով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, հաւատարիմ միութեան հիմնադիրներուն ուղեգիծին, շարք մը ձեռնարկներով մշակութային բուրաստան մը պարգեւեց լիբանանահայութեան` գեղեցկացնելով եւ ազնուացնելով ունկնդիր արուեստասէրներու հոգիները: Արդարեւ, վերջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 25 Փետրուար 2019-ի երեկոյեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ, ուր հանդէս եկան Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Զարուհի Պապայեան եւ երգի բազմաթիւ մրցանակներու դափնեկիր Սոնա Ռուբէնեան:
Սրահը լեցուցած երաժշտասէրներու ներկայութիւնը արդէն կ՛արտացոլացնէր այս համերգին յաջողութիւնը: