
Կիրակի, 26 Մարտ եւ 2 Ապրիլ 2017-ին, հալէպահայութիւնը եզակի երկու համերգներու ընդմէջէն երգչախմբային արուեստի հարազատութիւնն ու դիւթականութիւնը, վեհութիւնն ու ազնուութիւնը, զօրութիւնն ու յուզականութիւնը վայելեց:
Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբն էր այս բոլորը առթողը, Հայաստանով ու հայութեամբ հպարտ ըլլալու ամէնէն նուիրական զգացումները փոխանցողը:
«Զուարթնոց» երգչախումբի յաղթական ելոյթներն էին, որոնց ընթացքին հնչեց հայ եւ օտար երգն ու երաժշտութիւնը, շողաց արուեստը եւ փայլատակեց հանդիսատեսի սրտին, մտքին ու հոգիին խորերը: «Զուարթնոց»ը յատկապէս հայ երգին ու երաժշտութեան միջոցով հայ դիւցազուններու երկրին բոյրն ու հմայքը փոխանցեց ներկաներուն եւ գերեց-տարաւ զանոնք հոն, ուր ծնունդ առած է հայ մեղեդին, հայ գիրն ու բառը:
Խմբավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի, «Զուարթնոց»ը իր երկօրեայ ձեռնարկներուն բարձրարուեստ ելոյթներով հաստատեց, որ հայը, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու բազում մարտահրաւէրներուն, գիտէ արժանավայել ապրիլ` պահելով լեզուն ու մշակոյթը, այն, ի՛նչ որ գեղեցիկ է ու վեհանձն, այն, ի՛նչ որ ուժ կու տայ ու զօրութիւն, ապրելու կամք ու պայքարը շարունակելու հզօրութիւն:
Համերգներուն ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ներկայացուցիչ Տէր Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեան, Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան, ազգային, մշակութային, բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ: