
Երգն ու երաժշտութիւնը եղած են հայ ժողովուրդին մշակոյթը ծաղկեցնող օղակներ, ինչպէս նաեւ սրտերը երջանկացնող եւ հոգիները ազնուացնող ազդակներ։
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան «Զուարթնոց» Երգչախմբային Միաւորի Վարչութեան, Ուրբաթ, 16 եւ Կիրակի, 18 Ապրիլ 2021-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս հանդէս եկաւ իր յիսնամեակը թեւակոխած եւ ամբողջ կէս դար իր հանդիսատեսին երգերու գունեղ փունջեր հրամցուցած «Զուարթնոց» երգչախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի։
Յատկանշական էր երգացանկի բարդագոյն երգի՝ Քառլ Օրֆի «Օ Ֆորթունա»ի կատարումը երկու դաշնակահարներու ընկերակցութեամբ։ Երկրորդ դաշնակահարը «Զուարթնոց»ի տարիներու վաստակաւոր ընկերակից Լիզէթ Սերայտարեան-Աւընեանն էր, որ քանի մը երգերու կատսրողութեան ընթացքին ընկերակցեցաւ երգչախումբին, առաջին դաշնակահարին կողքին. ու երգերը աւելի հարուստ հնչեղութիւն ունեցան։
Առաջին Համերգին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, Հայ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական համայնքներու ներկայացուցիչները, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսը, ՀՀ մարդասիրական օժանդակութեան խումբի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչը, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեանը, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեանց ներկայացուցիչները, հալէպահայ մշակութային, բարեսիրական, հայրենակցական, մարզական եւ կրթական միութիւններու ներկայացուցիչներն ու երաժշտասէր հանրութիւնը։
Համերգը սկսաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ քայլերգներով։ Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան: Ան ըսաւ. «Պատմութեան դժուարին օրերուն, հայ ժողովուրդի հարազատ ուղեկիցները եղած են երգն ու երաժշտութիւնը, որոնք արտայայտած են անոր հրատոչոր հոգիին տառապանքը, հաւատքի, յոյզի եւ սիրոյ ապրումները։ Համազգայինը որպէս մշակոյթի կաճառ, քաջ գիտակցելով արուեստին, յատկապէս հայ երգին, պարին ու երաժշտութեան դաստիարակիչ դերին, տէր կանգնած է մեր ազգային վեհ արժէքներուն եւ գեղարուեստական բարձր ճաշակով ծաղկեցուցած է հայ բեմերը։ Կէս դար շարունակ անխափան երթով «Զուարթնոց» երգչախումբը իւրայատուկ տեղ գրաւած է հալէպահայ մշակութային կեանքին մէջ, ուր իրարայաջորդ սերունդներ ծանօթացած են ոչ միայն հայ, այլեւ օտար ժողովրդային ու դասական երգարուեստին»։