
Կիրակի, 25 եւ Երկուշաբթի, 26 Յունիսը լիբանանահայ արուեստասէրներուն համար եղան յատկանշական օրեր` «Զուլալ»` Թենի-Անայիս-Երազ եռեակին հետ կայացած ջերմ եւ իւրայատուկ զոյգ հանդիպումներով, որոնցմէ առաջինը մտերմիկ երեկոյ մըն էր` Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ, իսկ երկրորդը` համերգ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, երկուքն ալ լիովին յագեցած հայկականութեամբ եւ անմիջականութեամբ: Արուեստագէտներուն վկայութեամբ, ասիկա իրենց համար եւս կարեւոր եւ սպասուած առիթ էր, որուն համար իսկապէս ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն յայտնեցին «Զուլալ»-ի անդամները:
Համազգայինի Ուսանողական հաւաքի (Ֆորում) յանձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած այս երկու երեկոներուն բացման խօսքերը արտասանեց Մենար Պոյաճեան, որ անդրադարձաւ հայկական մշակոյթի պահպանման մէջ հայ երգին ունեցած կարեւորութեան եւ դերակատարութեան` հաստատելով, որ անոնց ընդմէջէն կ’արտացոլան հայ մարդուն կենցաղը, առօրեան, վարքն ու բարքը, գիւղական հին կեանքն ու սովորութիւնները: Ան դիտել տուաւ, որ այդ հայկական երգի ու երաժշտութեան մէկական ներկայացուցիչներ են «Զուլալ» Ա քափելլա եռեակին անդամները, որոնց ունեցած միակ նուագարանները իրենց ձայնի լարերն են: Ան հաստատեց, որ «Զուլալ»-ի մատուցած երգերուն ընդմէջէն լուսարձակի տակ կը բերուի հայկական ժողովրդային երգի անաղարտ պահպանման հրամայականը, որովհետեւ անոնք պահպանած են ու կը տարածեն հայ ժողովրդական անուշ մեղեդիներն ու երգերը: