
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բագին» գրական հանդէսին, Չորեքշաբթի, 9 Դեկտեմբեր 2009-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագին»ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ֆրանսահայ արձակագիր Մովսէս Պչաքճեանի «Անցողիկը եւ անժամանցելին» երկհատոր վէպէն հատուածներու ընթերցման հանդիպում:
Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Բագին»ի խմբագիր Յակոբ Պալեան, ապա բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեան խօսեցաւ «Անցողիկը եւ անժամանցելին» վէպին եւ հեղինակին մասին: Կիրակոսեան ըսաւ, թէ Մովսէս Պչաքճեան դիտելու եւ տեսածը նկարագրելու, հերոսներու տիպարները կազմելու եւ վիճակներ ստեղծելու մէջ յաջողութիւն արձանագրած է: Ան նշեց, թէ Պչաքճեանի ոճը պարզ է, արդիական եւ հետաքրքրական:
Սարգիս Կիրակոսեան յայտնեց, որ հեղինակը իր «Անցողիկը եւ անժամանցելին» վէպին մէջ կը ներկայացնէ իր ապրումները, խոհերը, երազներն ու կարօտները: Ան ըսաւ, թէ վէպին գլխաւոր տիպարը Յովսէփ Սփիւռքայեցին է, որ նոյնինքն հեղինակին անձնաւորութեան ներկայացումն է, եւ որուն մէջ ան կþանդրադառնայ սփիւռքահայութիւնը յուզող բազմատեսակ հարցերու, ինչպէս՝ Հայ դատ, բարոյահոգեբանական այլասերում եւ այլն...
Կիրակոսեան նշեց, որ երկհատոր վէպը սփիւռքահայ մարդու ինքնութեան տագնապին կþանդրադառնայ. անիկա չունի յստակ նիւթ, այլ՝ նոյնինքն հոն կեանք մը կայ, իր բոլոր յուզումներով, ուրախ ու տխուր զգացումներով:
Սարգիս Կիրակոսեան զեկուցումին ընթացքին նաեւ խօսեցաւ Մովսէս Պչաքճեանի գրական արժէքներուն եւ այլ գործերու մասին, որոնցմէ նշեց «Անկարելի կարելին» թատերգութիւնը, «Աշխարհահայեաց պատուհան» ակնարկները, «Բարեւ Հայաստան» էսքիզները եւ այլ գործեր:
Ապա Կիրակոսեան եւ ներկաներէն ուրիշներ ընթերցեցին վէպէն հատուածներ, որոնց շուրջ նաեւ տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց: