
«Բագին» գրական հանդէսին կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 17 Յունիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Բագին»ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ընթերցման հանդիպում մը, որ նուիրուած էր նորոգ հանգուցեալ բանաստեղծ Զուլալ Գազանճեանի քերթողութեան:
«Բագին»ի խմբագիր Յակոբ Պալեան ձեռնարկի սկիզբը խօսեցաւ Զուլալ Գազանճեան բանաստեղծին մասին, որ կրցաւ բանաստեղծութիւնը պահպանել եւ ըլլալ իսկական բանաստեղծ՝ հեռու կաշկանդումներէ եւ ճնշումներէ, միայն տաղանդով եւ ստեղծագործութեամբ ապրող:
Ապա ներշնչումով եւ տպաւորիչ շեշտաւորումով հանդիպումին մթնոլորտը գեղեցկացուցին եւ բանաստեղծական իւրայատուկ պահեր ստեղծեցին Իրմա Տէտէեան, Սիրվարդ Ֆազլեան, Սեդա Խտըշեան, Սեդա Քիլեճեան, Յովսէփ Էսքիճեան, Սեդա Գրիգորեան, Գէորգ սրկ. եւ Խաժակ սրկ. Նալպանտեաններ (Եգիպտոսէն), որոնք հատուածներ ընթերցեցին Զ. Գազանճեանի «Արեւածաղիկի նման» քերթողագիրքէն:
Ապա տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում՝ բանաստեղծութեան, բանաստեղծին եւ Զուլալ Գազանճեանի կեանքին ու գործին մասին: Արծարծուեցաւ նաեւ հին կամ նոր հայ բանաստեղծութեան եւ բանաստեղծներու նուիրուած նման ձեռնարկներ ու հանդիպումներ աւելի յաճախակի դարձնելու անհրաժեշտութիւնը:
Ազդակ Օրաթերթ