
«Բագին» գրական հանդէսի կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 11 Մայիս 2011-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ընթերցման հանդիպում՝ նուիրուած Սօս Սարգսեանի «Կանչ» եւ «Լակոտը» հատորներուն:
«Բագին»ի փոխխմբագիր Սեդա Գրիգորեան իր ողջոյնի խօսքով անդրադարձաւ Սօս Սարգսեանին, իբրեւ հայրենի մտաւորական, ազգային-հասարակական դէմք ու հայ թատրոնի մշակ: Այս առիթով Գրիգորեան մտահոգութիւն յայտնեց գրականութեան ու առհասարակ մամլոյ նկատմամբ հայ նոր սերունդի անտարբերութեան գծով` փափաքելով գործնական լուծումի մը յանգիլ:
Ապա ան ներկայացուց օրուան զեկուցաբեր-բանախօսը` «Ազդակ»ի խմբագրական կազմի անդամ Անուշ Թրուանցը: Մասնագիտութեամբ լրագրող Թրուանց այժմ կը բնակի Լիբանան եւ հայրենի մշակութային ու արուեստի դէպքերու եւ դէմքերու մասին իր էջը կը պատրաստէ «Ազդակ»ի մէջ:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ Անուշ Թրուանց ներկայացուց Սօս Սարգսեան մարդը, ազգային-հասարակական դէմքը, թատրոնի սիրահարի իւրայատուկ ներկայութիւնը: Յաճախակի մէջբերումներ կատարելով` Թրուանց ընթերցեց Սօս Սարգսեանի յուշագրած տպաւորիչ պահերը, անոր կեանքի անկիւնադարձային հանգրուաններուն վերաբերող խորհրդածութիւնները:
«Կանչ» հատորին մէջ, Սօս Սարգսեան ի միջի այլոց իւրայատուկ հարազատութեամբ կը պատկերացնէ իր եւ Մհեր Մկրտչեանին ընկերակցող թատերախումբի Պէյրութ անդրանիկ ժամանումը 1966-ին: Յուզմունքով կը յիշէ լիբանանահայ 200 հազար հայորդիներուն ջերմ ու արցունքոտ աչքերով ընդունելութիւնը:
Ապա, ան յատուկ պատկերացումով կը վերյիշէ իր վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած թատերական դէմքերը, ինչպէս Հրաչեայ Ներսիսեան, Աւետ Աւետիսեան, Մհեր Մկրտչեան, Հրանդ Մաթեւոսեան…
Իսկ «Լակոտ» հատորը ներկայացնելով` Թրուանց ընթերցեց հատուածներ Լոռիի մէջ պատահած դրուագէն, ուր երեք հայորդիներ, ճակատագիրին ու «համակարգ»ին զոհ երթալով, նախ դասընկեր-բարեկամներ կ՚ըլլան, ապա մինակ եւ տխուր կեանք մը կ՚ապրին:
Աւարտին, Թրուանց պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: