Եւրոպա

Քսանթիի Թաղային խորհուրդը նախաձեռնութիւնը ունեցաւ դիմելու տեղւոյն քաղաքապետութեան, որպէսզի Թեսաղոնիկէի «Համազգային»ի «Մասիս» պարախումբը ելոյթ մը ունենայ քաղաքի շարք մը ձեռնարկներու ծիրէն ներս բարեկենդանի առթիւ: Առաջարկը սիրով ընդունուեցաւ քաղաքապետարանէն եւ Շաբաթ՝ 15 Փետրուար 2020-ի երեկոյեան վայելեցինք «Մասիս» պարախումբի համերգը, ինչպէս նաեւ ներկայութիւնը 400-է աւելի յոյն ժողովուրդի, որոնք խանդավառութեամբ հետեւեցան ձեռնարկին եւ որոնց գոհունակութիւնը յայտնի էր անոր աւարտին:
«Մասիս» պարախումբը ներկայացուց 10 պարեր սքանչելի պարագրութիւններով՝ Ռաֆայէլ Վարդազարեանի պարուսուցութեամբ: