
Հինգշաբթի, 6 Յունիս 2019-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի ամավերջի աշակերտական ցուցահանդէսն ու վկայականաց բաշխումը:
Այս առիթով խօսք արտասանեց «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի պատասխանատու Վազգէն Մուղալեան: Ան ըսաւ, թէ 31 տարիէ ի վեր կը գործէ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը, որ տարիներու ընթացքին տուած է արուեստագէտներ, որոնք իրենց յատուկ տեղը ունին լիբանանահայ հասարակութեան մէջ կամ այլուր: Ան յայտնեց նաեւ, որ կերպարուեստի դպրոցը ունի ուսումնասիրուած ծրագիր, եւ անոր գլխաւոր նպատակն է կապ ստեղծել հայրենիքին հետ, որպէսզի աւարտող աշակերտները կարենան իրենց մասնագիտութիւնը շարունակել Հայաստանի մէջ:
Ան ներկայացուց նաեւ կերպարուեստի դպրոցի տարեկան ծրագիրը եւ գործունէութիւնը: Խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, խնամակալութեան եւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան, որոնք նեցուկ կանգնած են կերպարուեստի դպրոցին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէնութեան եւ արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանին` ձեռնարկի նախագահութիւնը ստանձնելուն համար:
Խօսք առաւ նաեւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Թամար Սնապեան-Սուրճեան: Ան կարեւոր նկատեց ձեռնարկը, որովհետեւ ամբողջ տարուան մը աշխատանքի արդիւնքը կը ներկայացնէ:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: